Ձերբակալուեցան «Երկիր Մետիա»-ի Տնօրէն Բագրատ Եսայեան
Եւ ՆԱՈՒՄ–ի Անդամ Գառնիկ Մելքումեան
Երէկ` ուրբաթ, 10 յունիս 2022-ին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան 4 աշխատակիցներ ներխուժեցին «Երկիր մետիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Բագրատ Եսայեանի գրասենեակը եւ ձերբակալեցին զայն:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան ըսաւ, թէ ըստ տեղեկութիւններու, Բագրատ Եսայեան ձերբակալուած է երկու տարի առաջ յարուցուած քրէական գործի ծիրին մէջ:
Աւելի ուշ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան անդամները բերման ենթարկեցին նաեւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Գառնիկ Մելքումեանը, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի սկիզբը` 27 սեպտեմբերին կամաւորագրուեցաւ պատերազմի մեկնելու նպատակով: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան անդրադարձաւ այս ձերբակալութիւններուն` ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ քաղաքական հետապնդումները համակարգային բնոյթ կը ստանան, իրաւապահ մարմինները` Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, դատախազութիւն, քննչական, ոստիկանութիւն, դարձած են բութ գործիք` երկրին մէջ բռնապետութիւն հաստատելու ծառայող:
Ըստ անոր, այս շինծու գործերով ձերբակալութիւններուն նպատակն է թուլցնել «Դիմադրութեան» շարժումը, այսինքն` եղածը քաղաքական ահաբեկչութիւն է` քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ:


