Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց Պեքաայի գաղտնի սպասարկութեան զօրամասը, ուրկէ հաստատեց, որ թմրեցուցիչի դէմ պայքարը չէ աւարտած, այլ` կը շարունակուի:
«Այս իմաստով քաղաքական թէ կրօնական հովանաւորութեան ակնկալութիւն չունինք եւ յատուկ օրակարգի հիման վրայ չէ որ կը գործենք, այլ` ժողովուրդին եւ հայրենիքին նկատմամբ մեր պատասխանատուութենէն մեկնելով: Իսկ բոլոր օրինազանցներուն կոչ կ՛ուղղեմ յանձնուելու, որպէսզի փրկուին, այլապէս` անոնք պիտի կրեն իրենց որոշումներուն հետեւանքները», հաստատեց ան:
Զօր. Աուն այցելեց Պուտայ, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակ բանակային Զէյն Ապիտին Շամասի ընտանիքին: Ան հաստատեց, որ զոհողութիւնը ճակատագիր է եւ ոչ թէ ընտրանք: «Նահատակ Զէյն Ապիտին Շամաս զոհուեցաւ` պաշտպանելով իր հայրենիքն ու անոր զաւակները` ընդդէմ թմրանիւթի մաքսանենգներուն: Կը խոստանամ, որ նահատակին թափած արիւնը յումպէտս հոսած պիտի չըլլայ, այլ` բանակին կուրծքին զետեղուած շքանշան մը», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն այցելեց նաեւ Պաալպեքի մէջ բանակի 6-րդ գումարտակի զօրանոցը, ուր ան հաստատեց, որ ապահովութիւնը կարմիր գիծ է եւ արտօնուած չէ դպչիլ անոր, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկիրը կը գտնուի զբօսաշրջական եղանակի մը դիմաց: Լիբանանեան բանակը թշնամանք չունի որեւէ շրջանի մը կամ աշիրեթի մը նկատմամբ: «Բոլոր աշիրեթները մեր ընտանիքներն են, սակայն մեր պարտականութիւնն է օրինազանցները ձերբակալել: Պաալպէքի ժողովուրդը երկար ատենէ ի վեր ապահովութիւն կը պահանջէ, եւ ատիկա մեր պարտականութիւնն է ու մեր խոստումը անոնց, որքան ալ հսկայական ըլլան զոհողութիւնները», հաստատեց զօր. Աուն:


