Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մեր հայ համայնքը մեր երկրին անբաժան մասն է: Մենք պիտի շարունակենք երկխօսութիւնն ու հաղորդակցութիւնները հայ համայնքի նշանաւոր անդամներուն հետ»:
Չաւուշօղլու հանդիպում ունեցած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ արք.Մաշալեանի եւ Պատրիարքութեան մէջ Էջմիածինի նուիրակ Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ:


