Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիգրանակերտցի Արտուշը Համացանցով Հայերէն Թերթ Կը Կարդայ Բայց Չի Հասկնար

June 3, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿԱՐ ի Գաղիա

Տիգրանակերտցի Արտուշ գրասէր է, հայերէն գիրքերու գրադարան ալ ունի տունը: Սարկաւագ է: Հիմա յառաջդիմած է, համակարգիչ ունի, Հայաստանի եւ սփիւռքի թերթերը կը կարդայ: Ինչպէս ինք կ՛ըսէ` տուն զգալու եւ հոսանքին մէջ ըլլալու համար: Եթէ թերթ չկարդացող սփիւռքի ղեկավարները Արտուշին չափ հայ կեանքին հետեւէին, լաւատեղեակ կ՛ըլլային եւ օգտակար գործ կ՛ընէին: Թէեւ թաղի ազգին խելք բաժնող «ծագումով հայերը» Արտուշը փախուկ կը համարեն:

Հայերով բնակուած արուարձան քաղաքի հայ նպարավաճառի խանութը գացեր էի ձաւար գնելու: Եթէ թրքերէն չգիտնայի, առանց գնում ընելու տուն պիտի վերադառնայի: Ձաւարը հոն էր, բայց լատինատառ գրուած էր boulgour: Վաճառողէն խնդրեցի, որ մէկ քիլօ ձաւար տայ: Ան ինծի նայեցաւ` չհասկնալով, թէ ի՛նչ կ՛ուզէի: Ձեռքով ցոյց տուի խոշոր սպիտակ լաթէ տոպրակի մէջ բազմած ձաւարը: Վաճառողը քիչ մը զայրացած` ըսաւ. «Ամէն մարդու պէս պուլկուր ըսէ, որ հասկնանք»: Պահ մը տատամսեցայ, պատասխանե՞մ, թէ՞ ոչ: Բայց պարտուած չըլլալու համար ըսի. «Հայու վաճառատուն է, դուն ալ հայ ես, ես ալ հայ եմ, ասոր անունը ձաւար է»:

Երբ գնումս ըրած դուրս կու գայի վաճառատունէն, Արտուշ միացաւ ինծի: Քալելով զրուցինք: Աւելի ճիշդ` Արտուշ խօսեցաւ մինչեւ հանրակառքի կայանը:

– Պարո՛ն Մակար, դուք նեղանալու իրաւունք ունիք, բայց Թուրքիայէն եկած հիները եւ նորերը երբ պուլկուր կ՛ըսեն, պէտք չէ զարմանալ: Ի՞նչ պէտք է ըսել Հայաստանի մէջ գործածուող հազարաւոր օտար բառերուն համար, որոնց շարքին մեծ թիւով թրքերէններ ալ կան, բայց նաեւ` ասդիէն անդիէն որպէս բանգիտութիւն գործածուող օտար բառեր: Հայաստանով մտահոգ` ամէն օր համացանցով այնտեղի թերթերը կը կարդամ, յաճախ կը յուսահատիմ, չեմ հասկնար: Այսօր կարդացի խորագիր մը, բան չհասկցայ: Գրուած էր. «Հերթական օպտիմալացման պոտենցիալ զոհերը»: Հերթականը եւ զոհերը հասկցայ, բայց ի՞նչ է սա օպտիմալացման պոտենցիալը: Պէտք է, որ թերթը գրուած էջին տակ բառարան մը դնէ, որ մենք ալ հասկնանք: Հոս եթէ պուլկուր կ՛ըսեն, կարելի է արդարացում գտնել, բայց Հայաստանը հայրենիք է, անոր պաշտօնական-պետական լեզուն հայերէնն է: Խնդրեմ` ըսէ՛ք, ո՞ր հայերէն բառարանին մէջ պէտք է գտնել օպտիմալացման պոտենցիալը:

Հանրակառքը եկաւ եւ բաժնուեցանք:

Հանրակառքի թաւալումին հետ միտքերս ալ կը թաւալէին:

Որոշեցի յաջորդ անգամ, երբ գնումի երթամ, վաճառողէն ներողութիւն պիտի խնդրեմ: Ան երբ կ՛ըսէ պուլկուր, թուրքի տիրապետութեան հետեւանք է, յանցանք չէ:

Բայց յանցանք է օպտիմալացման պոտենցիալը, որ հայուն լեզուն կ՛այլասերէ իր հայրենիքին մէջ, կը զոհէ:

Որո՞ւ եւ ո՞ւր բողոքել:

Բողոք լսող կը գտնուի՞:

Կը խնդրուի հասցէ ղրկել:

1 յունիս 2022

Նախորդը

Մայիսեան Յաղթանակի Տօնակատարութիւն Ազգային Միացեալ Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Մանրապատումներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.