Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարելով, Որ Եթէ Հայաստան Յատուկ Պահանջներ Ներկայացնէ, Իրենք Ալ Կրնան Պահանջներ Ներկայացնել. Ալիեւ. «Հայաստան Համաձայնած Է Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ազրպէյճանի Օրակարգին»

May 31, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետին հետ շուրջ մէկ շաբաթ առաջ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք, որ թէ՛ Պաքուն, թէ՛ Երեւանը դրական որակած էին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 27 մայիսին յայտարարած է, թէ Հայաստան համաձայնած է յարաբերութիւններու կարգաւորման Ազրպէյճանի օրակարգին, ուր Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին ոչ մէկ խօսք կայ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Անդրադառնալով Երեւանի յառաջ քաշած սկզբունքներուն, թէ պէտք է նաեւ քննարկել Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերու անվտանգութիւնն ու կարգավիճակը, Ալիեւ ըսած է, թէ Ազրպէյճանի մէջ նման խնդիր չկայ: «Ազրպէյճանը բազմազգ, բազմադաւան երկիր է: Բոլոր ազգերուն ներկայացուցիչները Ազրպէյճանի մէջ յարմարաւէտ կ՛ապրին եւ կ՛օգտուին բոլոր իրաւունքներէն: Ազրպէյճանի մէջ ազգային եւ կրօնական հողի վրայ խտրականութիւն երբեք չէ եղած եւ պիտի չըլլայ: Ուստի Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը նոյնքան կարեւոր են, որքան Ազրպէյճանի մէջ ապրող այլ ժողովուրդներու անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Այստեղ յատուկ արտօնութիւն չկայ», ըսած է ան:

Մինչ Երեւան, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրները կը յայտարարեն, թէ ղարաբաղեան հարցը լուծուած չէ, եւ անհրաժեշտ է բանակցութիւններով հասնիլ համապարփակ լուծման, Ալիեւ դարձեալ յայտարարած է, թէ այլեւս նման խնդիր գոյութիւն չունի:

Խօսելով այս մասին` Ազրպէյճանի նախագահը յղում կատարած է Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշելի պրիւքսելեան վերջին հանդիպումին մասին յայտարարութեան եւ ընդգծած, որ միջազգային կառոյցներու բառապաշարին մէջ «Լեռնային Ղարաբաղ» կոչուած եզր չկայ, «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծուած է: Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի վարչական տարածքին, ապա այդ տարածքը Ազրպէյճանի տարածքին մէջ գոյութիւն չունի: Ուստի միջազգային կազմակերպութիւններու բառապաշարին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ բառը չկայ, եւ Պրիւքսելի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ այդ: Ճիշդ է, Հայաստանը անգամ մը եւս արծարծած է այդ հարցը եւ, ինչպէս կ՛ըսեն, գլուխները պատին կը խփեն, սակայն այս է իրականութիւնը եւ պէտք է ատոր հետ հաշտուիլ»:

Խօսելով ապագային մասին` Ալիեւ ըսած է, թէ Ազրպէյճան ինք կը թելադրէ բանակցութիւններու օրակարգը, եւ պնդած, թէ Պաքուն հասած է կամ կը հասնի իր առջեւ դրուած նպատակներուն: Իբրեւ ատոր ապացոյց Ալիեւ նշած է, թէ Հայաստանը համաձայնած է սահմանագծման հոլովոյթի սկսելու, եւ պնդած, թէ ատկէ ետք Հայաստանը այլեւս չի կրնար Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին խօսիլ: «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրուի: Հայաստանը կը փորձէր ատկէ խուսափիլ, որովհետեւ այդ համաձայնագիրը իրարու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչում կը նշանակէ: Սակայն վերջաւորութեան մենք հասանք ատոր, եւ Ազրպէյճան արդէն որոշած է իր աշխատանքային խումբի կազմը»:

Հակադարձելով Հայաստանի ներկայացուցած սկզբունքներուն` Ալիեւ յայտարարած է, թէ Պաքուն ալ կրնայ իր յաւելեալ պահանջները ներկայացնել: «Եթէ Հայաստանը յատուկ պահանջներ կը ներկայացնէ, պէտք է իմանայ, որ մենք ալ կրնանք շատ պահանջներ ունենալ: Այստեղէն ոչ հեռու մեր հինաւուրց հողը` Արեւմտեան Զանգեզուրն է: Մենք տարածքային պահանջ չե՞նք ներկայացներ Հայաստանին: Մենք չենք ըներ: Սակայն եթէ մեզի տարածքային պահանջ պիտի ներկայացնեն, ինչո՞ւ մենք չընենք»:

Ազրպէյճանի ղեկավարը, ինչպէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք իր արտասանած խօսքերուն մէջ, 27 մայիսին եւս խօսած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին եւ պնդած, թէ այդ հարցին մէջ ալ Պաքուն արդէն յաջողութեան հասած է: «Միւս կարեւոր խնդիրը Զանգեզուրի միջանցքի բացումն է: Հայաստանը միշտ փորձած է ատիկա կանխարգիլել: Սակայն տեսէք պրիւքսելեան հանդիպումի արդիւնքներուն պաշտօնական յայտարարութիւնը. արդէն սահմանուած է, որ թէ՛ երկաթուղին, թէ՛ ինքնաշարժի մայրուղին կ՛անցնին Մեղրիէն եւ Զանգեզուրէն: Մենք կը թելադրենք օրակարգը: Ինչո՞ւ: Մեկնելով պատերազմի արդիւնքներէն: Մենք յաղթած պետութիւն ենք, Հայաստանը պարտուած պետութիւն է»:

 

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Այսօր Կ՛ընտրէ Իր Նախագահը

Յաջորդը

Պաքու Երեւանին Կոչ Կ՛ուղղէ «Ճիշդ Գնահատելու Շրջանի Ներկայ Իրողութիւնները»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.