Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ Տեղի Ունեցած Է Երկու Երկիրներու Փոխվարչապետներու Առաջին Հանդիպումը

May 25, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ծիրին մէջ եւ համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ 24 մայիս 2022-ին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջպետական սահմանին վրայ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի առաջին հանդիպումը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքի ձեւաչափով: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` յանձնախումբերու ծիրին մէջ աշխատանքներ տանելու սահմանազատման եւ այլ համապատասխան հարցերու, ներառեալ սահմանային անվտանգութեան ապահովման հարցերու շուրջ:

Քննարկուած են յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր:

Միջպետական սահմանին վրայ հանդիպումներու հետ միատեղ` կողմերը համաձայնած են յանձնախումբերու հետագայ հանդիպումներու կատարման համար տարբեր հարթակներ օգտագործելու նպատակայարմարութեան շուրջ: Մասնաւորաբար` համաձայնութիւն գոյացած է երկրորդ հանդիպումը կատարել Մոսկուայի մէջ, երրորդը` Պրիւքսելի մէջ:

Շարլ Միշել Կ՛ողջունէ

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել ողջունեց հայ-ազրպէյճանական սահմանին սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու առաջին հանդիպումը:

«Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ ան գրեց. «Ջերմօրէն կ՛ողջունենք հայ-ազրպէյճանական սահմանին այսօր տեղի ունեցած հանդիպումը` սահմանային յանձնախումբերուն միջեւ միջպետական սահմանի սահմանազատման եւ կայունութիւնը լաւագոյնս ապահովելու վերաբերող քննարկումները յառաջ մղելու նպատակով: Շօշափելի յառաջընթաց է, որ կը յաջորդէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմանի հանդիպման», յայտնեց Միշել:

 

Նախորդը

Էրտողանին Պատմելով Փաշինեանի Հետ Իր Հանդիպումին Մասին` Ալիեւ. «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Բացման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացած Է»

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը. «Ոչ Ոք Չի Կարող Խուսափել Սերունդների Առաջ Պատասխանատուութիւն Կրելուց»

RelatedPosts

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.