Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Ո՞ւր Կը Դիմենք Ազգովին

May 21, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Դիմադրական շարժման հաւաքած ուժականութիւնն ու ինքնավստահութիւնը, անոր մակընթաց անհատականութիւնն ու անկոտրում կորովը, անոր կերտած հոգեբանական առաւելութիւնը իշխանութեան վրայ որպէս ճշմարտութեան ջահակրի` արդէն իսկ ստեղծած են մեծ ջրբաժան մը անցեալին եւ ներկային միջեւ: Փաշինեան եւ իր կառավարութիւնը կը գտնուին պաշտպանողական դիրքերու վրայ: Այն կարծեցեալ համաժողովրդական «մանդատ»-ը, զոր ան տեւաբար կը ճօճէր հանրութեան աչքին եւ կը փորձէր ծածկել իշխանութեան կամայականութիւնները, այլեւս գոյութիւն չունի: Դիմադրութիւնը իր կուռ ներկայութեամբ վերջնականօրէն ապացուցեց անոր սնանկութիւնը:

Այսօր հարցը այն է, թէ ի՞նչ ընթացակարգով եւ որքա՞ն շուտ եւ որքա՞ն հեզասահ տեղի պիտի ունենայ իշխանափոխութիւնը երկրին մէջ:

Այլ խօսքով, Փաշինեան իմաստութիւնը պիտի ունենա՞յ երկրին խնայելու պետական կեանքի այս հոգեվարքը, թէ՞ ան պիտի յամառի իր դասական վարքագծին վրայ` երկիրը տանելով նորանոր բեւեռացումներու: Յամենայն դէպս ընդդիմութիւնը չի թուիր մեծ յոյսեր կապած ըլլալ իշխանութեան կողմէ խոհեմ յարաբերութիւններու հաւանականութեան: Ան ամուր կանգնած է Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին վրայ` ամէն օր աւելի ընդարձակելով իր մագնիսականութեան դաշտը թէ՛ մայրաքաղաքի եւ թէ՛ երկրի մարզերէն ներս:

Պէտք է անմիջապէս արձանագրել, որ դիմադրական շարժման առաջնային խնդիրն է այսօր` անյապաղ վնասազերծել ստեղծուած ճգնաժամային կացութիւնը երկրին մէջ, կասեցնել 9 նոյեմբեր  2020-ի ամօթալի համաձայնագրով ընթացք առած աղէտալի գործընթացը, կասեցնել հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան շարունակական գահավէժը, կասեցնել ներքին արիւնահոսութիւնը,  բայց մանաւանդ` իր բոյնին մէջ խեղդե՛լ Արցախը թշնամիին յանձնելու դաւաճանական արարքը:

Ամէն օր, որ Փաշինեան եւ իր քաղաքական համակարգը կը մնան իշխանութեան ղեկին, հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր հայրենի հողը թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ լինելիութեան կենսական կռուաններով:

Այս առումով, պէտք է ողջունել այն փաստը, որ դիմադրական շարժումը արդէն իսկ յաջողած կը թուի ըլլալ իշխանական մեքենայի ծուռ դարձած անիւը սանձել եւ փաշինեանական ազգակործան դիւանագիտութիւնը դնել տեղքայլի վրայ: Այսօր «կենաց-մահու» խուճապային օրերն են իշխանութեան համար: Բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, որ փաշինեանական համակարգը այժմ կը գործէ ահազանգային մթնոլորտի մէջ:

Փաշինեանի համար այսօրուան սուր հրամայականը վերապրի՛լն է: Վերապրիլ ամէն գնով: Այս իսկ պատճառով փաշինեանական համակարգը աւելի անկանխատեսելի է այսօր, քան էր երէկ: Եւ բռնի ուժի դիմելու փորձութիւնը` շա՛տ աւելի մեծ: Եթէ Փաշինեան կարողանայ վերապրիլ դիմադրական շարժման գրոհումներէն, ան ինքնաբերաբար կ՛ամրապնդէ իր հեղինակութիւնը արտաքին յարաբերութիւններու ճակատին վրայ` որպէս վստահելի խօսակից: Պարզ խօսքով, ան կ՛ապահովէ նոր «արտօնութիւն»` ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼՈՒ ԻՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԸ ԵՒ ԵՐԿԻՐԸ ՅԱՆՁՆԵԼՈՒ ԹՇՆԱՄԻԻ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆԸ: Եւ, անշուշտ, այդ մէկը կ՛ըլլայ ճակատագրական թէ՛ մեր պետականութեան եւ թէ՛ մեր հաւաքական գոյութեան համար:

Եւ, անշուշտ, ԴԱ ՉԻ՛ ԼԻՆԵԼՈՒ:

Պարտուած, քայքայուած, բարոյալքուած եւ թշնամիի քմահաճոյքին անսացող քաղաքական ղեկավարութիւնը տեղ չունի հայ քաղաքական կեանքին մէջ: Եթէ ան վերապրի, հայ անկախ պետականութիւնն է, որ կը դադրի ապրելէն, եւ այդ մէկուն ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ Ո՛Չ ըսած է դիմադրական շարժումը եւ գիծ քաշած` տխեղծ քաղաքականութեան բոլոր ներկայացուցիչներուն վրայ: Փաշինեան եւ իր արտաքին բոլոր խօսակիցները այսօր պիտի գիտնան, որ նոր Հայաստան մը եւ նոր հայութիւն մը ունին իրենց առջեւ, որոնք դոյզն առնչութիւնն իսկ չունին Փաշինեան երեւոյթին հետ: Դիմադրական շարժման բանալի առաջադրութիւնն է փաշինեանական համակարգի լուծարքով զգաստացնել միջազգային հանրութիւնը եւ գիտակից դարձնել վերոյիշեալ իրականութեան:

Այս իսկ պատճառով դիմադրական շարժումը լուսանցք չունի փաշինեանական համակարգի ռիսքը ազգին հաշուոյն վերցնելու: Այդ ռիսքը մահացու է: Այդ ռիսքը այն դամոկլեան սուրն է,  որ կախուած է մեր երկրի եւ ամէն մէկ հայու գլխուն: Թողո՛ւլ, որ Փաշինեան եւ իր պարտութեան վարչակարգը սանձարձակ գործեն դիւանագիտութեան բեմերուն վրայ եւ խաղան հայ անկախ պետականութեան ճակատագրին հետ, պարզապէս յանցագործութիւն է: Եւ այդ մէկը բացառուած է: Այդ մէկը տեղի պիտի չունենայ: Վարչապետ Փաշինեան միայն մէկ ընտրութիւն ունի այսօր: ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵ՛Լ ԻՐ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԸ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԵՒ ՄԵԿՆԻԼ:

Պարզ խօսքով, հայ անկախ պետականութեան գոյութիւնն է, որ լրջօրէն վտանգուած է այս պահուն եւ փաշինեանական համակարգը բացարձակապէս անզօր է լուծում բերելու այս օրհասական կացութեան: Ընդհակառա՛կն, Փաշինեան անքակտելի մասն է այդ վտանգին: Վտանգը մտած է մեր երկրի պետական մեքենայէն ներս: Ան նոյնիսկ սկսած է թափանցել մեր ժողովուրդի մտքերէն ներս փաշինեանական համակարգի յանցաւոր հայեցակարգերով: Շնորհի՜ւ Փաշինեանի` մենք սկսած ենք մեր ապաւէնը փնտռել մեր պարտութեան մէջ: Սկսած ենք ընդունիլ հաւաքական անպատուութիւնը` որպէս կենսաձեւ: Խաթարուի՛լ որպէս մարդ: Խօսիլ խաղաղութեան մասին բարոյազրկուա՛ծ մարդու դիրքերէ… Գերագոյն անհեթեթութիւնն է մտածել, որ հայ մարդը կրնայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ` իրեն պարտադրուած կեղտոտ խղճմտանքով: Այդպիսի մարդոցմով բնակուած երկիրը հայրենիք չի կրնար ըլլալ: Դուք երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ ան, Պր. Փաշինեան:

Դիմադրական շարժման կեդրոնական խնդիրն է այսօր ընդփոյթ կազմակերպուիլ մեր գոյութեան սպառնացող վերոյիշեալ իրողական եւ գոյութենական վտանգներուն դէմ: Այո՛, վերջ տալ փաշինեանական մղձաւանջին, բայց նաեւ` անդի՛ն անցնիլ Փաշինեանէն եւ ազգովին լծուիլ գործի` մեր ազգային պաշտպանութիւնը վերակերտելու, մեր երկրի տնտեսութիւնը վերականգնելու, մեր ազգային մշակոյթը իր ներկայ ճգնաժամէն դուրս բերելու, մեր հայրենիքին տալու այն գերազանց որակը, որուն արժանի է ան:

Լուծարե՛լ փաշինեանական իշխանութիւնը` առաջին քայլն է միայն, որուն պիտի յաջորդէ մեր անկախ պետականութեան լինելիութեան հիմքերը ապահովելու երկարաժամկէտ եւ խստապահանջ առաքելութիւնը, որ մեր իսկական գործն է:

6 մայիս 2022 

Նախորդը

Կոյր Խաղացողներու Յատուկ Ֆութպոլ

Յաջորդը

Ինչպիսի՞ Հայաստան… Ազգային Անվտանգութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.