Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանին Վերաբերող Հարցեր

May 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտելազիզ Սահլաուին, որ շնորհաւորեց վարչապետը` երեսփոխանական ընտրութիւնները յաջողութեամբ կատարելու առիթով:

Սահլաուի հաստատեց, որ Քաթար կ՛ողջունէ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւնները` մաղթելով, որ ընտրութիւնները կը ծառայեն բոլորին շահերուն եւ համախոհութեան:

«Նորակազմ խորհրդարանը ժողովրդավարական ընտրութիւններու արդիւնք է, իսկ Քաթար Լիբանանի բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի», յայտնեց Սահլաուի:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան առաջնահերթութիւնները` այն ժամանակաշրջանին համար, երբ կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն:

Նասսար հաստատեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կարեւոր է եւ անհրաժեշտ` յոյս յայտնելով, որ խորհրդարանի նախագահի ընտրութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանայ, ինչպէս նաեւ նոր կառավարութիւնը շուտով կազմուի:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնն ու բանակին պահանջները:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար` ընկերակցութեամբ համադաշնակցութեան մէկ պատուիրակութեան:

Ասմար պահանջեց, որ պետական եւ սեփական մարզի պաշտօնեաներուն համար օրական 150.000 լ. ոսկի փոխադրածախս վճարուի, որպէսզի անոնք կարենան իրենց աշխատանքը շարունակել:

Նախորդը

Ֆրենժիէ. «Քաղաքացիական Ընկերութիւնը Ներկայացնող Երեսփոխանները Հակառակորդ Չենք Նկատեր»

Յաջորդը

Երեսփոխանական Ընտրութիւններէն Ետք` Երկիրը Դէպի Քաո՞ս

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.