Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 108 վարակուածներ եւ մահացած մէկ պարագայ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը բարձրացաւ 30.500 լ. ոսկիի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազենը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Խազեն հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի հաւասարակշռուած քաղաքականութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան երկխօսութեան կարիք ունի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին համար ընտրուող երեսփոխանը պէտք է ըլլայ Պեքաայի շրջանէն` աւելցնելով, որ այդ պաշտօնին համար իր թեկնածուն Էլիաս Ըսթֆենն է: Տահեր նշեց, որ եթէ Ըսթֆենի թեկնածութիւնը նկատի չառնուի, ապա ինք կը նախընտրէ զօրակցիլ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապի, «որ իր որոշումները անկախ տուող անձնաւորութիւն է», աւելցուց Տահեր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ ինք չի գտնուիր երեսփոխան Նեպիհ Պըրրին դարձեալ խորհրդարանի նախագահ ընտրելու պարտաւորութեան տակ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ամալ Ապու Զէյտ հաստատեց, որ ինք կը յարգէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ կոչ կ՛ուղղէ ընտրուած երեսփոխաններուն աշխատելու Ժեզզինի բարգաւաճման ի խնդիր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց նորընտիր խորհրդարանին մէջ կազմելու պլոքներ եւ համախմբումներ` գերիշխանական խմբաւորումներու միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայի պատկերացում մը մշակել` դիմադրելու համար ճնշումի կամ պարտադրանքի քաղաքականութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ կէսօրէ ետք Հարաւային արուարձաններու Լայլաքի շրջանին մէջ տեղակայուեցաւ իր զրահապատներով եւ շրջանէն անցնողներուն անձնաթուղթերը ստուգելու քայլերուն դիմեց: Տեղակայումէն առաջ լսուեցան կրակոցներ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք տոկացած են եւ յաջողած իրենց աշխատանքին մէջ` աւելցնելով, որ կարեւորը բարեկարգումի ծրագիրն է, սկսեալ` ելեկտրականութենէն, հասնելով մինչեւ քեփիթըլ քոնթրոլ եւ ընտրական նոր օրէնք:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար եւ երեսփոխան Մոհամետ Ապտել Համիտ Պայտուն մահացաւ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Պայտուն ծնած է 1952-ին. ան Ամալ շարժումի պատասխանատուներէն եղած է 1980-էն սկսեալ: 1991-ին երեսփոխան նշանակուած է, ապա 1992-ին, 1996-ին եւ 2000-ին ընտրուած է երեսփոխան: Ստանձնած է նաեւ նախարարութեան պաշտօն` վարչապետներ Սելիմ Հըսի եւ Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութիւններուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Խոսրով Ասոյեանի Ասքը

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ընտրական Բանավէճին Վերջ Տալու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.