Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 18-ը` «Թանգարաններու Միջազգային Օր»

May 18, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

1977-էն ի վեր եւ ամէն տարի մայիս 18-ին աշխարհի աւելի քան 150 երկիրներու մէջ, ներառեալ` Հայաստանի, կը նշուի Թանգարաններու միջազգային օրը:

Ասոր կողքին, վերջին տարիներուն մեր հայրենիքին մէջ ձեւաւորուած է նոր եւ գեղեցիկ աւանդոյթ մըն ալ: Այսպէս, այդ օր, մինչեւ կէս գիշեր, հայրենիքի բոլոր թանգարանները, այցելուներու առաջ բաց կը մնան, եւ այս Թանգարանային գիշերուան ընթացքին տեղի կ՛ունենան թատերական ներկայացումներ, երգ, պար, ասմունք եւ բազմաբնոյթ այլ ձեռնարկներ:

Ու եթէ հարց տանք` ըսելով, թէ ի՞նչ է թանգարան, կամ ի՞նչ ըսել է թանգարան այցելել եւ ինչո՞ւ համար մարդիկ, երկիրներ, կազմակերպութիւններ զայն կեանքի կոչած կամ ստեղծած են, պատասխանը շատ պարզ եւ յստակ է: Գիւտ մը ըրած պիտի չըլլամ, երբ յիշեցնեմ, որ թանգարանները ժողովուրդի մը, կամ երկրի մը  յաւերժութեան գրաւականին, գիրին ու գրականութեան, լեզուին ու մշակոյթին հաստատ մասնիկներն են: Այդ բոլորին պահեստանոցները: Արդար ներկայացուցիչները:

Ուրեմն թանգարանները ունին նոյն այդ երկրին կամ հոն ապրող ժողովուրդին մշակութային արժէքները հաւաքելու, պահպանելու ու սերունդներուն փոխանցելու կարեւոր եւ յատուկ առաքելութիւն:

Թանգարանով, դէպի պատմութիւն, արուեստ ու մշակոյթ նոր աշխարհ մը դրսեւորող մաքուր եւ դրական դուռ մըն է, որ կը բացուի այցելուին դիմաց: Լուսաւոր եւ բարի: Հետաքրքրական եւ թանկագին: Որովհետեւ խորքին մէջ զանազան անուններ կրող բոլոր թանգարանները կը պահեն եւ կը պահպանեն նոյն այդ երկրի մշակութային ժառանգութիւնը, որ կրնայ նաեւ դառնալ ներշնչումի եւ կրթական ու գիտական աղբիւր, պատմականի կողքին:

Անոնք նաեւ կը կրեն թելադրական, հաճելի բնոյթ մըն ալ, ժամանցայինի եւ ուսուցողականի նման: Հետաքրքրական է նշել, որ թանգարանը նաեւ կրնայ հանդիսանալ հարազատ աղբիւր` հետազօտողներուն, պատմաբաններուն, գիտնականներուն եւ նոյնիսկ ուսանողներուն համար, որովհետեւ այս մարդոց համար թանգարանը այն վայրն է, ուր պահուած են այդ երկրի պատմական յուշն ու յուշերը, ստեղծագործութիւններն ու մանաւանդ ստեղծագործ հանճարը այդ ժողովուրդին:

Վերջ ի վերջոյ թանգարանի գլխաւոր նպատակն է երկրի բնակիչներուն, ինչպէս նաեւ այցելուներուն եւ յատկապէս զբօսաշրջիկներուն ցոյց տալ իր ժողովուրդի մշակութային եւ պատմական նշանակութիւնը` երկրի աճին ու զարգացման որակի աստիճանին հետ միատեղ:

Իսկ գալով մեզի, պէտք է հպարտօրէն եւ անպայման շեշտել եւ յիշեցնել, որ մեր հայրենիքի ամբողջ տարածքին, ըստ պետական տուեալներուն, կան եւ «կը գործեն», ինչպէս սովոր է ըսել, աւելի քան 120 թանգարան, որոնցմէ 50-ը (ներառեալ մասնաճիւղերը)` ՀՀ  ԿԳՄՍ նախարարութեան ենթակայութեան տակ կը գտնուին:

Ու այս նախարարութիւնն է, որ ամէն մայիսի 18-ին բոլորը կը հրաւիրէ այցելել այս թագարանները` իբրեւ հասարակութեան, կրթական, մշակութային եւ ժամանցային կեդրոններ, միասին տօնելու եւ տօնախմբելու Թանգարաններու միջազգային օրը` միաժամանակ գլխաւոր նպատակ ունենալով շեշտաւորելու եւ կարեւորելու այս քարաշէն հաստատութիւններուն ստանձնած դերերը:

Մեզի համար մեր թանգարանները մեր մշակոյթի, կրթութեան եւ զարգացման կարեւորագոյն կեդրոններէն են, ուր հանրութեան ներկայացնելու համար կը պահուի մեր պատմական յիշողութիւնը, ինչպէս նաեւ` կարեւոր իրադարձութիւններու, փաստերու եւ մեր ազգային ինքնութեան վկայութիւնները:

Մայիսի 18-ը պատեհ առիթ է նաեւ կարեւորելու թանգարաններու վստահուած ու ստանձնած էական դերերը` իբրեւ նոր գիտելիքներով հարստանալու, իրական արժէքներ ճանչնալու եւ ներշնչուելու, ստեղծագործելու եւ երեւակայական յղացումները կեանքի կոչելու կեդրոն-օճախներ:

Մեր երկրի թանգարանները իրենց այս առաւելութիւն-յատկութիւններով առանցքային կառոյցներ ալ են, որոնք այսօր մեծ եւ կարեւոր դեր կը խաղան մեր հանրութեան զարգացման և առողջ հասարակութեան ձեւաւորման գործին մէջ:

Ու Թանգարանային գիշերուան ընթացքին դարձեալ տօնական տրամադրութիւն ստեղծող մթնոլորտին մէջ հայ այցելուին դիմաց կրկին անգամ նոր «աշխարհ» մը կը բացուի, եւ այս ձեւով ան կը ճանչնայ, կը ծանօթանայ, կը վերյիշէ ու կը հպարտանայ իր ազգի պատմական, մշակութային, գեղարուեստական հարստութեան, պետական եւ ազգային անգնահատելի արժէքներուն, որոնք դարերու խորհուրդ ունին, եւ որոնք իւրաքանչիւրիս համար ալ թանկ են: Տակաւին, եթէ կ՛ուզէք, իբրեւ ուղենիշ, նոր կամուրջ մը կրնայ ստեղծուիլ իւրաքանչիւր այցելուի համար դէպի մշակոյթ եւ պատմութիւն տանող նոր դռներու հետ:

Ու թանգարաններով հարուստ մայրաքաղաքն մըն է Երեւանը: Հոն են Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանը, Չարենցի, Կոմիտասի, Քոչարի, Թումանեանի, Փարաջանովի, Գաֆէսճեանի անուան թանգարանները` ուրիշներու շարքին: Հոն են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան, Էրեբունիի, Սարդարապատի անուններուն կապուած թանգարանները եւ կամ «տուն» թանգարանները, ուր բոլորին նման, իբրեւ պահեստանոց եւ ցուցադրական սրահ, գալիք սերունդներու եւ պատմութեան համար հաւաքուած են եւ պահպանուած` նիւթական, հոգեւոր, մշակութային ձեռագիրներ, իրեր, գիտելիքներ, թանկարժէք եւ ուսուցողական իրեղէններ, առարկաներ, գրաւոր աղբիւրներ, արուեստի գործեր, հին կամ ժամանակակից պատմական եւ արհեստագիտական աշխատանք-ձեռագործներ եւ ստեղծագործութիւններ:

Մէկ խօսքով, պատմական հարուստ աղբիւրներու, հաւաքածոներու, աշխարհագրական, ժողովրդային նիւթերու եւ յիշատակարաններու, օրագրութիւններու, նամակներու, փորագրուած արձանագրութիւններու, գրականութեան եւ մշակոյթի զանազան էջերու հաւաքածոներու ամբողջութիւններն են, որոնք կը պատկանին հանրայայտ դէմքերու, դէպքերու, տարիներու եւ դարերու:

Մաղթանքս է, որ մեր հասարակութիւնը իր հոգատար վերաբերմունքով եւ գնահատանք- քաջալերանքով աջակցի թագարաններու պահպանումի, զարգացման ու արդիականացման ճիգերուն:

Սովորաբար իւրաքանչիւր երկիր ունի յայտնի ու անուանի թանգարաններ, քանի որ այդ բոլորին թեւ ու թիկունք կանգնողը, նիւթապէս ու բարոյապէս սատարողը իր կառավարութիւնն ու կամ ալ հասարակութիւնն է:

Համաձայն մեր հայրենիքի տուեալներուն, մայիսի 18-ին` Թանգարանների միջազգային օրը, ՀՀ եւ Արցախի Հանրապետութեան 113 մշակութային կազմակերպութիւնները  անվճար կ՛ընդունին այցելուներ` իրենց բազմաբովանդակ ձեռնարկներով, անմոռանալի դարձնելով իւրաքանչիւր այցելուի օրը:

Երանելի՜ պահեր…

[email protected]

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Լոյս Տեսած Է ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի Հինգերորդ Թիւը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.