Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը

May 13, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը օրէն Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւնները: Ընտրական գործի լծուած են քաղաքական կուսակցութիւններ, քաղաքական եւ ոչ քաղաքական հոսանքներ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, քաղաքացիական շարժումներ, աւելի՛ն, համայնքապետներ, համայնքներու անունով խօսող անհատներ: Այլ խօսքով, անխտիր բոլորը` Լիբանանէն ներս թէ դուրս:

Անցեալ շաբաթ արտերկրի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն անսպասելիօրէն մեծ թիւով լիբանանցիներու մասնակցութիւնը առաջին ապացոյցն է, որ այս ընտրութիւններով շահագրգռուած են բոլորը:

Արդարեւ, Լիբանանի ծայրայեղ ծանր տնտեսական պայմաններուն մէջ թաղուած քաղաքացին, որ յուսահատած` չի տեսներ այս կացութենէն դուրս գալու որեւէ ելք, պիտի մասնակցի այս ընտրութիւններուն` ճարահատ յուսալով, որ ընտրութիւններուն շնորհիւ դրական փոփոխութիւններ կրնան տեղի ունենալ երկրին մէջ:

Երկիր մը, ուր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կ՛ապրի աղքատութեան շեմէն վար, ուր կեղեքուած քաղաքացիին չքաւորութիւնը կը շահագործուի ընտրական հաշիւներու համար` պայմանական օժանդակութիւններով: Պայմանական օժանդակութիւններ, որոնք այսօր կան, բայց յաջորդող չորս տարիներուն պիտի չըլլան:

Մենք` իբրեւ քաղաքական կուսակցութեան երիտասարդական թեւ, իրապաշտ ըլլալով, մեր հայրենակիցներուն չենք կրնար խոստանալ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէ զուրկ ապագայ մը: Բայց մեր ընկերները պիտի ըլլան ժողովուրդին կողքին, պիտի հասնին ժողովուրդին պէտքերուն եւ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր եւ ապագային մեր ընկերները պիտի ըլլան ամէն տեղ, ակումբներէն ներս թէ դուրս:

Միւս կողմէ, սկզբունքով յանուն ժողովրդավարութեան կատարուող քաղաքական այս գործընթացը ունի համայնքային բնոյթ: Լիբանանի ընտրական օրէնքը, կամայ թէ ակամայ, քաղաքացին կը մղէ պաշտպանելու իր համայնքին շահերն ու իրաւունքները:

Լիբանանահայ քաղաքացին նոյնպէս դրուած է այս իրականութեան առջեւ: Պիտի ընտրէ իր համայնքը ներկայացնող երեսփոխաններ: Պիտի ընտրէ այն, որ, իր կարծիքով, լաւագոյնս պիտի ներկայացնէ հայութիւնը խորհրդարանին մէջ ու լաւագոյնս պիտի պաշտպանէ իր շահերը:

Հետեւաբար այս կամ այն անհատներու, հոսանքներու եւ շարժումներու կողմէ տրուող վերը նշուած պայմանական օժանդակութիւնները կը փոշիանան, երբ կարգը գայ ոչ թէ անհատական իրաւունքներու, այլ` հայութեան հաւաքական շահերուն, հաւաքական ձգտումներուն եւ հաւաքական իրաւունքներուն:

Հաւաքական իրաւունքներ` ժողովուրդի մը, որուն պաշտպանութեան համար ստեղծուած է ԼԵՄ-ը, եւ որուն համար պիտի շարունակէ ծառայել:

 

Նախորդը

«Երիտասարդութեան Աշխուժ Մասնակցութիւնը Կարեւոր Է Այս Ընտրութիւններուն, Որովհետեւ Ան Շարժում Է Եւ Մթնոլորտ, Հոսանք Կը Ստեղծէ» «Ռազմիկ»-ին Կ՛ըսէ Յակոբ Հաւաթեան

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հանէ՛ Դիմակը Դէմքէդ, Վա՛ր Առ Կարմիր Պերէդ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.