Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Հայ Ռազմագերիներու Ազատ Արձակման Հարցը Քննարկեց Ալիեւի Հետ

May 12, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 11 մայիսին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` քննարկելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու ընթացքը: Այս մասին Պլինքըն գրառում կատարեց «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

«Այսօր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ խօսեցայ, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներ կրնան շարունակել աջակցիլ` Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու վերջին շրջանի դրական ընթացքին», գրեց ան:

Այս զրոյցին մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նախարարութիւնը` նշելով, որ կողմերը քննարկած են նաեւ «յառաջիկայ յստակ քայլերը` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման, որոնց կարգին` սահմանագծման եւ սահմանազատման, հաղորդակցութեան ուղիներու բացման եւ մնացած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցերը»:

«Նախարար Պլինքըն  վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու` փոխգործակցելով երկկողմանի հիմքով, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ, որոնց կարգին նաեւ` ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահի դերով` օգնելու երկիրներուն գտնելու տեւական համապարփակ խաղաղութիւն», նշուեցաւ նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

«Թող Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Ըլլայ Անկիւնադարձային Փուլ Մը` Ժողովրդավարութեան Ճամբուն Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Տարբեր Ուղղութիւններով Ինքնաշարժներու Երթ Եւ Հանրահաւաք` Երեւանի Մէջ

RelatedPosts

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.