Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Իշխանութեան Պետերը Կը Դատապարտեն «Ժազիրա»-ի Լրագրող Շիրին Ապու Աքլէի Սպանութիւնը

May 12, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխարհը երէկ արթնցաւ Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան լուրով:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին մէջ քառորդ դար աշխատած լրագրողը երէկ նահատակուեցաւ Ժենինի գաղթակայանին մէջ` աշխատանքի պահուն, երբ ան կը փորձէր լուրը հասցնել պաղեստինեան իրադարձութիւններուն հետեւող ակնդիրներուն:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ հեռագիր մը յղեց Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասին եւ ցաւակցութիւն յայտնեց իսրայէլեան ոճրային փամփուշտով Շիրին Ապու Աքլէի նահատակութեան համար:

«Ցաւով իմացայ Շիրին Ապու Աքլէի նահատակութեան գուժը: Ան կը կատարէր լրագրողական իր աշխատանքը` ծառայելու համար ճշմարտութեան եւ ազատ կարծիքին», կը նշէ հեռագիրը:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ լրագրող Շիրին Ապու Աքլէ միացաւ Պաղեստինի նահատակներու փաղանգին` դիմադրելով իսրայէլեան բռնագրաւումին եւ բռնարարքներուն: «Շիրին Ապու Աքլէ իր թափած արիւնով անգամ մը եւս կը փաստէ, թէ իսրայէլեան վայրագ բռնագրաւումը պատով կու տայ միջազգային բոլոր օրէնքները, որոնք ճշդուած են լրագրութեան ասպարէզին համար: Իսրայէլ ոճիրներով հարուստ իր պատմութեան վրայ կ՛աւելցնէ յարձակումի, վայրագութեան, բռնարարքներու, ինչպէս նաեւ կեանքի, արդարութեան եւ իրաւունքներու խախտումի նոր էջ մը», կը նշէ ցաւակցագիրը:

Նախագահ Աուն ցաւակցութիւն յայտնեց Ապպասին ու պաղեստինցի ժողովուրդին եւ օտար դիւանագէտներէն պահանջեց հետաքննութիւն բանալ Շիրին Ապու Աքլէի սպանութեան մասին:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Ապպասի հետ:

Ան ցաւակցութիւն յայտնեց ամէնէն քաջ լրագրողներէն Շիրին Ապու Աքլէի նահատակութեան համար:

Միքաթի յայտնեց, որ Շիրին Ապու Աքլէի նահատակութիւնը հպարտութեան շքանշան է, որ դրոշմուած է պաղեստինցի ժողովուրդին ճակատին` իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու անոր կորովին ու վճռակամութեան համար, ինչպէս նաեւ ամօթի կնիք է` իսրայէլեան բռնագրաւումին, որ կը շարունակէ իւրացնել պաղեստինցիներուն իրաւունքները:

Շիրին Ապու Աքլէի սպանութիւնը դատապարտեցին մեծ թիւով լիբանանցի անձնաւորութիւններ ու միութիւններ, Լիբանանի խմբագիրներու եւ լրագրողներու սենտիքաները, ինչպէս նաեւ լսատեսողական լրատուամիջոցներու գործադիր խորհուրդը:

 

 

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարը Շրջաբերական Մը Կը Հրապարակէ Քուէարկութեան Ընթացքին Բջիջայինի Գործածութեան Մասին

Յաջորդը

«Թող Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Օրը Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Համար Ըլլայ Անկիւնադարձային Փուլ Մը` Ժողովրդավարութեան Ճամբուն Վրայ» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.