Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ. «Բարեկարգումները Չգործադրելու Պարագային Լիբանանի Կացութիւնը Աւելի Եւս Պիտի Վատթարանայ» Շեշտեց Շամի

May 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոխվարչապետ Սաատէ Շամի անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններուն, որոնց լոյսին տակ հաստատեց, որ միջազգային կազմակերպութիւններն ու կառոյցները պատրաստ են ամէն տեսակ յանձնառութեան, որպէսզի Լիբանանի հետ Միջազգային դրամական ֆոնտին գոյացուցած սկզբունքային համաձայնութիւնը վերածուի վերջնական համաձայնութեան:

Շամի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի տնօրէն Քրիսթալինա Ճորճիեւայի հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու Լիբանանին` զայն դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապէն:

Շամի ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին Ճորճիեւա շեշտած է, թէ Լիբանանի խոստացած բարեկարգումները ճշդուած թուականին կատարելը էական է, որպէսզի Լիբանան ստանայ միջազգային ընտանիքին տրամադրելիք ֆինանսաւորումը:

Ուաշինկթընի մէջ կատարած իր հանդիպումներէն ետք Շամի նկատել տուաւ, որ միջազգային դրամական ֆոնտը խիստ հետաքրքրուած է Լիբանանի օժանդակութեամբ, սակայն պայմանով որ Լիբանանի հետ նախապէս գոյացած համաձայնութիւնները գործադրուին: «Այդ համաձայնութիւններէն են լիբանանեան խորհրդարանին կողմէ 2022-ի պետական ամավարկի վաւերացումը, քեփիթըլ քոնթրոլի վաւերացումը, դրամատնային գաղտնիութեան առումով արձանագրուելիք բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ դրամատնային համակարգին վերակազմաւորումը», ըսաւ Շամի:

Ան հաստատեց, որ բարեկարգումները չգործադրելու պարագային Լիբանանի կացութիւնը, յատկապէս` տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակը, աւելի եւս պիտի վատթարանայ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆիթրի Տօնին Առիթով. Հանրապետութեան Միւֆթին Կը Զգուշացնէ Քուէարկութեան Չմասնակցելէ

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.