Թուրքիոյ նախագահական պալատը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 28-29 ապրիլին Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ Ալ Սէուտ թագաւորին հրաւէրով կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա` աւելցնելով, որ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն բոլոր երեսներն ու համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները:
«Այցելութեան ընթացքին տեսակէտներ պիտի փոխանակուին շրջանային ու միջազգային հարցերու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերեալ», աւելցուց Թուրքիոյ նախագահական պալատը:
Թուրքիոյ նախագահը 5 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա:
Էրտողան Սէուտական Արաբիա մեկնելէ առաջ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց. «Սէուտական Արաբիա այցելութիւնս համագործակցութեան նոր փուլի սկսելու հասարակաց մեր կամքին ցուցանիշն է` նկատի ունենալով, որ երկու եղբայրական պետութիւններ ենք»:
«Այցելութեանս ընթացքին պիտի քննարկենք թուրք-սէուտական յարաբերութիւններուն բոլոր երեսները», աւելցուց ան:
Էրտողան փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իր այցելութէնէն վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտարարած էր, որ Անգարան կը շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ հետ «դրական երկխօսութիւնը»` նշելով, որ յառաջիկայ օրերուն յարաբերութիւններու բարելաւման համար դրական քայլեր պիտի առնուին:


