Երկրին մէջ տիրող տնտեսական վատ պայմանները, յատկապէս Թրիփոլիի մէջ տիրող պայմանները դժբախտաբար կը քաջալերեն քաղաքացիները ապօրինի կերպով լքելու երկիրը` իրենց ճակատագիրը փնտռելու համար այլ ափերու վրայ:
Թրիփոլիի Ֆանար-Ռամքին կղզիի հանդիպակաց շրջանին մէջ շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի ուշ գիշերին արձանագրուեցաւ ողբերգական դէպք մը, երբ նաւ մը ծովամոյն դարձաւ` պատճառելով զոհեր եւ անյայտ կորսուածներ:
Այս դէպքին պատճառով զոհուեցան աւելի քան 15 ճամբորդներ, որոնց մէկ մասը կը մնայ անյայտ կորսուած:
Բանակը փրկարար իր աշխատանքներուն շնորհիւ յաջողեցաւ փրկել 45 ճամբորդներ:
Դէպքին օրը բանակը կրցաւ դուրս բերել 7 դիակներ, որոնց շարքին նաեւ` երեխաներ:
Երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի Ռաս Սախըր ծովափին մօտ գտնուեցաւ Նմըր ընտանիքին պատկանող կնոջ մը դիակը:
Օր մը առաջ Շեքքայի ծովափէն գտնուած էր այլ ճամբորդի մը դիակը:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ մինչեւ ուշ գիշեր շարունակեց փրկարար աշխատանքները` բրիտանական ուղղաթիռներու օժանդակութեամբ:
Մահուան առաջնորդած նաւուն ընկղմելուն մասին կան երկու վարկածներ, որոնցմէ մէկը այն է, թէ այդ նաւը ծովամոյն դարձած է իր վատ վիճակին պատճառով, իսկ երկրորդ վարկածը այն է, թէ լիբանանեան բանակը իր յածանաւերով պատճառ դարձած է, որ այդ նաւը ընկղմի:
Լիբանանեան ծովուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հայսամ Տանաուի հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ ծովամոյն դարձած նաւը 1974-ին արտադրուած նաւակ մըն է, որուն արտօնուած է միայն 10 հոգի կրել:
Ան նշեց, որ նշեալ նաւը աւելի քան 60 հոգի իրենց պայուսակներով պիտի փորձէր հասցնել Կիպրոս, բան մը, որ անկարելի էր:
Տանաուի հաստատեց, որ նաւը փրկութեան ոչ մէկ միջոց ունէր:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը փորձած էր արգիլել նաւուն յառաջընթացը` փորձելով համոզել նաւավարը, թէ այդ նաւը ծովամոյն դառնալու ճամբուն վրայ կը գտնուի, որովհետեւ իր կարողութենէն 15 անգամ յաւելեալ բեռ ունի իր վրայ:
«Նաւավարը յամառօրէն փորձեց փախուստ տալ բանակին ցուցմունքներէն, եւ այդ պահուն էր, որ անոր նաւը բախեցաւ բանակի յածանաւուն եւ երկվայրկեաններու մէջ ծովամոյն դարձաւ», ըսաւ Տանաուի` հերքելով բոլոր այն տեղեկութիւնները, թէ բանակը զէնքով սպառնացած է նաւավարին եւ ճամբորդներուն:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հետեւեցաւ ծովամոյն դարձած նաւուն ողբերգութեան` պահանջելով դատական իշխանութիւններէն եւ զինուորական ոստիկանութենէն հետաքննութիւն բանալ այդ մասին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն` աւելցնելով, որ իսկական մխիթարութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ Լիբանանի բոլոր պատասխանատուները անսան Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի զաւակներուն ձայնին:
Պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմ հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին թափանցիկ հետաքննութիւնը կրնայ երաշխաւորել Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն վերաբերող ամբողջ ճշմարտութիւնը:
Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէ դէպքին հետեւեցաւ եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստին ամբողջ կարողականութիւնը դրաւ բանակին տրամադրութեան տակ` կատարելու իր փրկարար աշխատանքը:
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի յայտարարութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր սիրտը Թրիփոլիի իր ընտանիքին հետ է` աւելցնելով, որ ինք հետաքննութիւնը պիտի հետապնդէ մինչեւ բոլոր դրդապատճառներուն բացայայտուիլը:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ ծովամոյն դարձած նաւէն փրկուած քաղաքացիներուն ականատեսի վկայութիւնները վտանգաւոր են, եւ կոչ ուղղեց արագ եւ թափանցիկ հետաքննութիւն մը կատարելու` բացայայտելու համար դէպքին դրդապատճառները:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կոչ ուղղեց հետաքննութիւն բանալու այս ողբերգական դէպքին մասին` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի երկիրը դէպի սադրանք չ՛առաջնորդուի:
Թրիփոլիի փողոցներուն մէջ կիրակի, 24 ապրիլ 2022-ին յառաջացան զայրոյթի ալիքներ, որոնց ընթացքին իրենց հարազատները կորսնցուցած ընտանիքները փակեցին ճամբաներն ու մայրուղիները, մերժեցին բանակին ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ հրկիզեցին երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներու լուսանկարներուն որմազդներն ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն լուսանկարները:
Սայտայի եւ Թաալպայայի մէջ երիտասարդներ նոյնպէս փակեցին ճամբաները` առ ի զօրակցութիւն Թրիփոլիի մէջ կատարուող շարժումներուն:
Թրիփոլիի մէջ արձանագրուեցան նաեւ կրակոցներ, որոնց պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը:
Նոյն գիշեր ցուցարարներ ուղղուեցան նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին մօտակայքը եւ փորձեցին քարկոծել զայն:
Մինչ կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար ծովամոյն դարձած նաւուն եւ տարբեր շրջաններու մէջ արձանագրուած ապահովական միջադէպերուն վերաբերող հարցեր, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ դէպքին առաջին իսկ վայրկեաններէն հետեւած էր արձանագրուած զարգացումներուն` երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2022-ը յայտարարած էր ազգային սուգի օր:
Երէկ պետական բոլոր հաստատութիւններուն վրայ գտնուող դրօշները կիսակայմ ծածանեցան:


