Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ցեղասպանութիւնը Հայ Ազգի Բնաջնջման Կազմակերպուած Եւ Կանխամտածուած Ծրագիրին Մէկ Մասն Էր» Կ՛ըսէ Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

April 26, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անիթա Տիմիթրիու Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի վերաբերեալ յղած է ուղերձ մը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հաղորդագրութեան համաձայն, ուղերձին մէջ ըսուած է.

«Ապրիլ 24-ը ամբողջ աշխարհի վրայ հաստատուած է իբրեւ Երիտասարդ թուրքերու կողմէ իրականացուած հայերու դէմ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Հայերու ցեղասպանութիւնը մարդկութեան նորագոյն պատմութեան մէջ մեծագոյն յանցագործութիւններէն մէկն է, որ սկիզբ դրած է 1915 թուականին: Մէկուկէս միլիոն անմեղ մարդիկ սպանդի ենթարկուեցան, հարիւր հազարներով դաժանօրէն բռնութեան ենթարկուեցան, բռնի տեղահանուեցան կամ ստրկացուեցան: Ցեղասպանութիւնը հայ ազգի բնաջնջման կազմակերպուած եւ կանխամտածուած ծրագիրին մէկ մասը կը կազմէր:

«Հայոց ցեղասպանութիւնը համաշխարհային պատմութեան ամէնէն մութ էջերէն մէկն է, որ ցաւալի հետք ձգած է հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան վրայ, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք բախած են Թուրքիոյ վայրագութիւններուն: Թուրքիոյ, որ միջազգային հանրութեան հանդուրժողականութեան պատճառով ցեղասպանութիւններ գործած է նաեւ այլ ժողովուրդներու դէմ` չճանչնալով մինչեւ օրս Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ ներողութիւն չհայցել ցեղային զտումներու եւ նուաճողական քաղաքականութեան համար` շարունակելով այն ամէնը անզղջօրէն:

«Կիպրոսը Եւրոպայի առաջին երկիրն է, որ ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը` 1990 թուականին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ միաձայնութեան որդեգրուած բանաձեւով,  ապրիլ 24-ը սահմանելով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ազգային օր:

«Այսօր, իբրեւ Ներկայացուցիչներու տուն, մենք արդէն քանիերորդ անգամ կը դատապարտենք այդ զարհուրելի փաստը եւ նոյն ատեն մեր զօրակցութիւնը կը յայտնենք բարեկամ հայ ժողովուրդին` դիմելով միջազգային ընտանիքին Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման համար: Կոչ կ՛ուղղեմ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Անոնց յիշատակը յաւերժ է»:

Կիպրոսի Նախագահի` Հայոց Ցեղասպանութեան
107-ամեակին Առիթով Գրառումը

Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատես «Թուիթըր»-ի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի վերաբերեալ կատարեց գրառում մը, որուն մէջ շեշտեց եղբայր հայ ժողովուրդին հետ միասնական պայքարի շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ան իր գրառման մէջ յիշեց հայ ժողովուրդին դէմ գործուած վայրագութիւնները եւ ակնկալութիւն յայտնեց, որ անոնք երբեք չեն կրկնուիր:

Կիպրոսի նախագահը նաեւ կարեւոր նկատեց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար քարոզարշաւը:

 

Նախորդը

Էրտողան Ապրիլ 24-ի Վերաբերեալ Ուղերձ Յղած Է

Յաջորդը

«Ատելութիւնն Ու Բռնութիւնը Այլեւս Երբեք Պէտք Չէ Անտարբերութեան Մատնուին» Կ՛ըսէ Քանատայի Վարչապետը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.