Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը Մարդուժի Պակաս Չունի» Կը Նշէ Վահան Յովհաննիսեան

February 25, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադառնալով անոնցմէ մէկուն այն դիտարկման, որ Ազգային ինքնորոշում միաւորման նախագահ Պարոյր Հայրիկեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Ռաֆիկ Պետրոսեան յայտարարած են, որ Դաշնակցութիւնը «զառամեալ ծերունի է» եւ կորսնցուցած է ժողովուրդին վստահութիւնը, յայտնեց, որ ինք լաւ գիտէ, թէ անոնցմէ ո՛վ է զառամեալը, իսկ ո՛վ կորսնցուցած է ժողովուրդին վստահութիւնը:

Դաշնակցական գործիչը չցանկաց աւելին ըսել եւ վստահեցուց, որ ժողովուրդը վաղուց ուշադրութիւն չի դարձներ անիմաստ յայտարարութիւններուն:

Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրեսին` Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ քոնկրեսը տեղաւորուեցաւ իշխանութեան նախատեսած ծրագիրին մէջ: Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի, քոնկրեսը անթաքոյց կը ձգտէր սեփական իշխանութիւնը հաստատել, եւ անոր այդ մոլուցքը շահագործուեցաւ եւ տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն, որմէ իշխանութիւնը դուրս եկաւ զօրաւոր, իսկ քոնկրեսը` թուլցած:

Դաշնակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը յայտարարեց, որ մինչեւ ընտրութիւնները ընտրակեղծիքներ տեղի կ՛ունենան եւ արդէն այսօր ընտրակաշառք կը բաժնուի: Ըստ անոր, պէտք է վերցնել մեծամասնական ընտրակարգը:

Վ. Յովհաննիսեան շեշտեց, որ կարելի չէ ընտրակաշառքի դէմ պայքարիլ: Պէտք է հասկնալ, թէ ո՛վ է բաժնողը եւ ի՛նչ մեքանիզմով կը բաժնուի այդ կաշառքը: Ան նշեց, որ մեծամասնական ընտրակարգէն ակռաներով կառչած իշխանութիւնը չի ցանկար հրաժարիլ անկէ: Դաշնակցական գործիչը նաեւ նշեց, որ իրենք մեծամասնական ընտրակարգով թեկնածուներ կ՛առաջադրեն միայն այն պարագային, երբ կարելի չըլլայ վերցնել մեծամասնական ընտրակարգը:

Վ. Յովհաննիսեան յայտնեց, որ քմծիծաղով կը վերաբերի Հանրապետական կուսակցութեան այն յայտարարութիւններուն, թէ կուսակցութիւնը գործարարներ պիտի չտանի Ազգային ժողով: Ան շեշտեց, որ ո՛չ նախագահը, ո՛չ վարչապետը, ո՛չ ալ Ազգային ժողովի նախագահը իրաւունք ունին` սահմանադրութիւնը շրջանցելով որոշելու քաղաքացիներուն որոշ կարգերը, թէ որոնք կրնան Ազգային ժողով գալ, որոնք ոչ: «Հարցը աւելի յստակ է` եթէ եկար Ազգային ժողով, եւ եթէ գործարար ես, պէտք չէ առեւտուրով զբաղիս: Իշխանութիւնը պէտք է յաջողի ասիկա ապահովել: Քմծիծաղով կը վերաբերիմ նաեւ անոր համար, որ լրիւ խայտառակ չըլլալու համար ցուցակով սակաւապետերը չեն բերեր, բայց մեծամասնականով կ՛առաջադրեն, յետոյ այդ սակաւապետերը կ՛անցնին Ազգային ժողով եւ կը մտնեն անոնց խմբակցութեան մէջ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ազգային ժողովի Դաշնակցութեան ղեկավարը կարեւոր երեւոյթ նկատեց Վարդան Օսկանեանի` երկրին ամէնէն ուժեղ կուսակցութիւններէն մէկուն անդամակցիլը: Ան նշեց, որ Օսկանեան, ըլլալով բաւական աշխուժ եւ երեւցող քաղաքական դէմք, քաղաքական առումով նոր որակ պիտի հաղորդէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան: Սակայն ան չի կարծեր, որ միայն Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը շահած է Վարդան Օսկանեանի անդամակցութենէն:

Ան ընդգծեց, որ Օսկանեան ինքն ալ շահած է, քանի որ հիմա կարելիութիւն ունի իր միտքերը, քաղաքական տեսակէտները արտայայտելու բաւական լուրջ կուսակցութեան բեմէն: Յովհաննիսեան աւելցուց, որ Օսկանեանի` համաձայնական կառավարութեան յուշագիրի մասին յայտարարութիւնը պատահական չէ, անիկա միայն իր տեսակէտը չէ: Դաշնակցական գործիչը նշեց, որ երբ առաջին անգամ յայտարարուեցաւ, որ համաձայնական դաշինքին մաս կազմող երեք կուսակցութիւնները պիտի աշխատին չխախտել գոյութիւն ունեցող յարաբերակցութիւնը, տրամաբանական էր սպասել, որ անոնք միասնական ցուցակ մը պիտի կազմեն, որ սակայն տեղի չունեցաւ:

Ան յայտնեց, որ միայն միասնական ցուցակի պարագային կրնան վստահ ըլլալ, որ իրենց պայմանաւորուած համաչափութիւնը չի փոխուիր, հակառակ պարագային` իրենք չեն որոշեր այդ համաչափութիւնը, այլ` ընտրողը: Ան նշեց առանձին ցուցակով մասնակցելու համաձայնական դաշինքի ուժերու յայտարարութիւնը եւ ընդգծեց, որ ասիկա ապացոյց է, որ նախորդ համաձայնութիւնը այլեւս չի գործեր:

Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ ճիշդ չի նկատեր Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակի առանձին հատուածները քննարկելը եւ անուններ նշելը:

Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ ցուցակը պիտի հրապարակուի մօտ ապագային:

Դաշնակցական գործիչը վստահութիւն յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը մարդուժի պակաս չունի, եւ այնքան շատ մարդ ունի, որոնք իսկապէս կրնան եւ արժանի են Ազգային ժողովին մէջ ըլլալու:

Ան նշեց, որ իրեն զուարճալի կը թուի, երբ մամուլը կ՛անդրադառնայ Դաշնակցութեան ցուցակներուն` չունենալով ոչ մէկ հաւաստի տեղեկութիւն Դաշնակցութեան ներսէն:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Վերաքննիչ Դատարաններէն Մէկը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Իրաւայաջորդները Զրկեց Հատուցում Ստանալու Իրաւունքէն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Պիտի Գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Համամասնական Ցանկը

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.