Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի Եւ Քուէյթի Դեսպանները

April 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանային, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին փոխանցած է Քուէյթի ժողովուրդին եւ ղեկավարութեան սէրն ու բարեմաղթութիւնները` Լիբանանին ու լիբանանցիներուն նկատմամբ:

Քանայի նշեց նաեւ, որ Պըրրի իր կարգին բարեմաղթութիւններ փոխանցած է քուէյթցիներուն` մաղթելով, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուին, եւ երկու երկիրներու ու ժողովուրդներու շահերուն  յանձնառութիւնը պահպանուի:

Քուէյթեան նախաձեռնութեան յաջողութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Քանայի յայտնեց, որ Այն Թինէ իր այցելութիւնը կը նշանակէ, որ այդ նախաձեռնութիւնը յաջողած է, «եւ այս իմաստով Պըրրի շնորհակալական պատգամ ուղղած է Քուէյթի իշխանին, գահաժառանգ իշխանին ու վարչապետին, ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարին», ըսաւ ան:

Քանայի շեշտեց, որ Պըրրի ընդգծած է, որ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներու յարաբերութիւններուն միջեւ բիծ մը իսկ պիտի չարձանագրուի` աւելցնելով, որ քուէյթեան նախաձեռնութիւնը եղաւ մեկնարկը երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր նշանակուած դեսպան Իպրահիմ պըն Ապտել Ազիզ Սալեհ Սահլաուի:

Պըրրիի այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: Քննարկուեցան ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ արձանագրուած վերջին զարգացումները:

Նախորդը

«Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Իրաւունքէն Հրաժարելու Յայտարարութեան Նպատակն Է Իրարանցում Ստեղծել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Կը Դատապարտէ Մրուժի Անարգ Ոճիրը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.