Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յայտարարութիւններ (14 Ապրիլ 2022)

April 14, 2022
| Յայտարարութիւններ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՀԱԶԴ

Տէր եւ տիկին Աբրահամ Չոլագեան եւ ընտանիք
Տիկին Մարի Իսկէնեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Գոհար Գապաքեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Սարգիս Չոլագեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Յարութիւն Չոլագեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Համօ Չոլագեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Անժել Գուլայեանի ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Չոլագեան եւ Իսկէնեան ընտանիքներ
Գապաքեան եւ Գուլայեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`

ԵՐՋԱՆԻԿ ՉՈԼԱԳԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1935-ին)

մահը, որ պատահեցաւ երեքշաբթի, 8 մարտ 2022-ին, Ալֆորվիլի մէջ, Ֆրանսա:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Ֆրանսայի մէջ:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Հանգուցեալին ընտանիքը ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի հեռաձայնով.
Աբրահամ` 04-717863 / 71-001890
Գոհար`      05-459630

Ծանօթ: Հանգուցեալին մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:

—————————————

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ
ԽԱՒԱՐՄԱՆ ԿԱՐԳԻՆ` ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Աւագ հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Խաւարման կարգին պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`

ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին

Սիրով հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդուելու օրուան սուրբ խորհուրդով:

ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

 

ՏՕՆ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ԱՊՐԻԼ 2022-ԻՆ

Պիտի պատարագէ եւ Ս. Յարութեան տօնին առիթով իր հայրական պատգամը փոխանցէ`

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները:

Պայմաններու բերումով, ջնջուած է զատկական ընդունելութիւնը:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

—————————————

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑԸ

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 14 ԱՊՐԻԼ 2022

– Կարգ ապաշխարողաց` ժամը 9:00-ին
– Ս. Հաղորդութեան պատարագ ժամը 10:00-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` ժամը 4:00-ին
– Կարգ չարչարանաց (Խաւարման գիշեր) ժամը 7:00-ին

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ, 15 ԱՊՐԻԼ 2022

– Կարգ խաչելութեան` ժամը 8:30-ին
– Կարգ թաղման` ժամը 4:00-ին

ԱՒԱԳ ՇԱԲԱԹ, 16 ԱՊՐԻԼ 2022

– Ժամերգութիւն` ժամը 4:00-ին
– Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 5:00-ին

ԿԻՐԱԿԻ, 17 ԱՊՐԻԼ 2022 (ԶԱՏԻԿ – Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ)

– Ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ս. եւ անմահ հայրապետական պատարագ` ժամը 10:00-ին
– Հայրապետական պատգամ` ժամը 11:00-ին

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 18 ԱՊՐԻԼ 2022 (ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ)

– Ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ`
Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Կիրակի, 17 ապրիլ 2022-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ եւ իր հայրապետական պատգամը փոխանցէ`

ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

Սկիզբ ժամերգութեան`        ժամը 8:00-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի        ժամը 10:00-ին
Հայրապետական պատգամ`     ժամը 11:00-ին

Ս. պատարագի երգեցողութիւնը պիտի կատարէ կաթողիկոսարանիս «Շնորհալի» երգչախումբը:

Սիրով կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակցելու Ս. պատարագին, լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը եւ վերանորոգուելու Ս. Յարութեան հրաշափառ խորհուրդով:

Վեհափառ հայրապետը Ս. Զատկուան շնորհաւորութիւնները պիտի ընդունի վեհարանին մէջ, Ս. պատարագէն ետք մինչեւ կէսօրուան ժամը 1:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն 7:00:

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ

—————————————

ԿԱՐԳ ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Ոտնլուայի հանդիսաւոր արարողութիւն:

Արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեան, լսելու առաջնորդ սրբազան հօր պատգամը եւ հաղորդակից դառնալու օրուան խորհուրդին:

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

Աւագ Հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022, ՅԻՇԱՏԱԿ ՎԵՐՋԻՆ ԸՆԹՐԻՔԻ

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30¬ին:
– Հաղորդութեան Ս. պատարագ` ժամը 9.30¬ին:
– ՈՏՆԼՈՒԱՅ` կէսօրէ ետք ժամը 4:00¬ին:

Ոտնլուայի արարողութիւն պիտի հանդիսապետէ, Ոտնլուան պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

–  ԿԱՐԳ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ (Խաւարման գիշեր)` ժամը 8:00¬ին

Աւագ Ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022.     ՅԻՇԱՏԱԿ ՉԱՐՉԱՐԱՆԱՑ ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ

– Թաղման կարգ` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
– Եկեղեցւոյ կարգէն ետք հանդիսաւոր Թաղման թափօր Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ

– Թաղման թափօրէն առաջ պիտի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԵԶԵԿԻԷԼ ԱԲՂՅ. ՍԵԼԼՈՒՄԵԱՆ

Կիրակի, 17 ապրիլ 2022, ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ: ՅԻՇԱՏԱԿ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին:
– Ս. պատարագ` ժամը 9.30-ին:
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին:

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ`
Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ

Ծանօթ: Թափօր` դէպի «Տիրան Պապիկեան» սրահ, Վերջին Աւետարանի ընթերցում եւ ապա շնորհաւորանքներ եւ ընտանեկան հաւկթախաղ:

Ծանօթ.- Շնորհաւորութիւններ եւ արեւշատութեան մաղթանքներ Յարութիւն, Յարութ անունը կրող մեր բոլոր ծխայիններուն: Իրենց անունո՛վ ծերանան:

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի:

ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԹԱՓՕՐ

Աւագ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւնը պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցական արարողութեան եւ թափօրին պիտի հանդիսապետէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին

Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 4:00-ին

Յետ արարողութեան հանդիսաւոր թափօր պիտի կատարուի` մասնակցութեամբ քահանայից դասին, դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին ու զօրանալու մահով յարութիւն կերտած Քրիստոսի խաչով:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

—————————————

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ

Աւագ հինգշաբթի, 14 ապրիլ 2022-ին,

Ս. Հաղորդութեան պատարագ`
առաւօտեան ժամը 9:30-ին

Ոտնլուայ երեկոյեան` ժամը 4:30-ին

Կարգը պիտի կատարէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՇՆՈՐՀՔ Ծ. ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Կարգ չարչարանաց (Խաւարման գիշեր)` երեկոյեան ժամը 7:30-ին

Աւագ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2022-ին

Կարգ թաղման` երեկոյեան ժամը 4:00-ին

Կարգը պիտի կատարէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց թեմին

Աւագ շաբաթ, 16 ապրիլ 2022-ին

Ժամերգութիւն եւ Ս. Հաղորդութիւն առաւօտեան ժամը 8:30-ին`

Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 4:00-ին

Ճրագալոյցի Ս. պատարագ` ժամը 4:30-ին

Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց:

ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Անդրանիկ Պէյրութ` 73-84

Յաջորդը

Պատերազմ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (2 Փետրուար 2026)

February 2, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (31 Յունուար 2026)

January 31, 2026
Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար
Յայտարարութիւններ

Յայտարարութիւններ (30 Յունուար 2026)

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.