Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աւարտեցաւ «Աղբալեան» Պատանեկան Միութեան Միջդպրոցական Ֆութպոլի Մրցաշարքը

April 11, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան, շաբաթ, 2 ապրիլ 2022-էն սկսեալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի վարժարաններուն միջեւ ֆութպոլի մրցաշարք մը:

Խումբերը բաժնուած էին 12-էն 14 եւ 14-էն 16 տարիքային խումբերու:

Մասնակից 3 վարժարաններն էին` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:

Զոյգ տարիքային խումբերուն աւարտական մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 9 ապրիլի երեկոյեան ժամը 18:30-ին, ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, մասնակից երեք վարժարաններու տնօրէններուն, «Ն. Աղբալեան», «Հ. Մարուխեան» եւ «Գ. Նժդեհ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ խումբերը քաջալերող հոծ բազմութեան:

Աւարտական մրցումներու հանդիսութեան բացումը կատարեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի շեփորախումբը, որմէ ետք մասնակից բոլոր աշակերտները ստացան մասնակցութեան յիշատակի մետալներ, իսկ վարժարաններու տնօրէններուն յանձնուեցան յուշանուէրներ` առ ի շնորհակալութիւն անոնց շարունակական գործակցութեան պատանեկան միութեան բոլոր աշխատանքներուն:

Աւարտականի հասած խումբերն էին.

12-էն 14 տարեկան`
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան ընդդէմ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

14-էն 16 տարեկան`
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան ընդդէմ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ

Զոյգ տարիքային խումբերուն ալ յաղթական դարձաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը:

Յաղթական խումբերուն բաժակը յանձնեց երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Ապա, ան յաղթական երկու խումբերը հրաւիրեց ճաշարան` միասնաբար նշելու վարժարանին յաղթանակները:

Այս առիթով, ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը եկաւ շնորհակալութիւն յայտնելու երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին եւ միութեան բոլոր բարերարներուն`, իրենց կատարած նուիրատուութիւններուն համար:

Նախորդը

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Պուլկարիոյ Եւ Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Ապրիլ 2022)

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով  Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Ռիատի 3-րդ Տարին Ըլլալով Շահեցաւ Ուասլի Բաժակը

October 6, 2026
«Սփարք Լիկ».  ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան
Մարզական

«Սփարք Լիկ». ՀՄԸՄ-ի Աղջիկները` Ախոյեան

October 6, 2026
Ճատրակ.  Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստան Հիւրընկալեց Դպրոցականներու Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.