Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիէն, որ շնորհաւորեց վարչապետը ռամատանի առիթով եւ զայն հրաւիրեց իֆթարի մը, որ պիտի մատուցուի դեսպանատան մէջ:
Պուխարի բարձր գնահատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ճիգերը` Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները իրենց բնականոն իրավիճակին վերադարձնելու անոր ջանքերը:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եղաւ առիթ մը` շեշտելու Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները խորացնելու կարեւորութիւնը:
Միքաթի գնահատեց դեսպան Պուխարիի Պէյրութ վերադարձը` յայտնելով, որ անիկա պիտի ըլլայ նախաքայլը` երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամբողջական ամրապնդման առումով:
Միքաթի եւ Պուխարի ընդգծեցին եղբայրական եւ դրական յարաբերութիւնները ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի արաբական դիմագիծը:
Միւս կողմէ վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ահմետ Նասեր Մոհամետ Սապահէն:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները` նկատի ունենալով վերջերս արձանագրուած դրական զարգացումները:
Հաղորդակցութեան ընթացքին Քուէյթի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ Ծոցի երկիրներուն համար կարեւոր է Լիբանանի կայունութիւնը, անոր ապահովութեան պաշտպանութիւնն ու անոր ապաքինումը:
Շէյխ Սապահ հաստատեց, որ Քուէյթն ու Լիբանանը զիրար կապող հիմքերը ամուր են եւ հետզհետէ պէտք է աւելի ամրապնդուին: «Քուէյթ ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանի զարգացման եւ վերականգնումին զօրակցելու եւ օժանդակելու նպատակով», ըսաւ ան:
Շէյխ Սապահ ընդգծեց, որ վարչապետ Միքաթիի կամքն ու կորովը` Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար, ցոյց կու տան անոր հաւատքը` Լիբանանը իր արաբական խորքին մէջ պահելու իմաստով:
Իր կարգին, Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանին եւ քուէյթցիներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին Լիբանանին, ինչպէս նաեւ ջանք չեն խնայեր` երկկողմանի յարաբերութիւնները իրենց նախկին ամուր վիճակին վերադարձնելու առումով:
Միքաթի հեռաձայնային այլ հաղորդակցութիւն մը ստացաւ նաեւ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկեան երկիրներու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի անձնական պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովի կողմէ:
Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ միջինարեւելեան հարցերն ու զարգացումները:


