Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիեւ Ռուսական Զօրքերը Կ՛ամբաստանէ Քրամաթորսքի Շոգեկառքի Կայանի Ռմբակոծումի Յանցանքով. Մոսկուա Կը Հերքէ

April 9, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանական իշխանութիւնները յայտնեցին, որ ռուսական կողմը օգտագործած է «Իսքանտեր» հրթիռներ, որոնցմով հարուածած է Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայանը` քաղաքայիններու շարքին պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի իր կարգին յայտնեց. «Բռնագրաւողները «Թոչքա Ու»-ով հարուածած են Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայանը, ուր հազարաւոր ուքրանացի խաղաղ բնակիչներ կը սպասէին տարհանման… Ռուս հրէշները չեն հրաժարիր իրենց գործելաոճէն: Չունենալով մեզ մարտի դաշտին մէջ դիմակայելու ուժ եւ քաջութիւն` անոնք լկտիաբար կ՛ոչնչացնեն խաղաղ բնակչութիւնը: Ասիկա չարիք է, որ սահման չունի: Եւ եթէ չպատժուի, երբեք պիտի չդադրի», ըսաւ Զելենսքի:

Ուքրանիոյ նախագահական պալատը յայտնեց. «Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայանին վրայ կատարուած հրթիռային հարուածը յաւելեալ արիւնալի ոճրային արարք մըն է, եւ մարդոց տարհանումը խափանելու եւ մարդիկը սարսափեցնելու փորձ մը կը նկատուի»:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ռուսական ուժերուն կողմէ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ գտնուող Քրամաթորսքի մէջ շոգեկառքի կայանի ռմբակոծման ամբաստանութիւնը` նշելով. «Քիեւի ազգայնապաշտ վարչակարգի ներկայացուցիչներուն 8 ապրիլին Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայարանին վրայ կատարած հրթիռային յարձակումին մասին բոլոր յայտարարութիւնները, որոնց մէջ Ռուսիան կ՛ամբաստանուի, սադրիչ են եւ բացարձակապէս անճիշդ»:

«Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայարանին մօտ յայտնաբերուած եւ ականատեսներու կողմէ (անոնց լուսանկարներու) հրապարակուած «Թոչքա Ու» հրթիռները միայն ուքրանական զինեալ ուժերուն կողմէ կ՛օգտագործուին», նշեց նախարարութիւնը` ընդգծելով. «Մեր ուժերը այսօր Քրամաթորսքի մէջ որեւէ թիրախ չունէին»:

Նշենք, որ ուքրանական գնացքի պետական ընկերութեան նախագահ Ալեքսանտր Քամիշին յայտարարեց, որ հրթիռակոծման պատճառով առնուազն 50 քաղաքայիններ զոհուած են եւ աւելի քան 100 ուրիշներ վիրաւորուած:

Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել, որ երէկ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լեյենի հետ գնացքով Քիեւ մեկնեցաւ, բուռն կերպով դատապարտեց Քրամաթորսքի շոգեկառքի կայանին դէմ «ռուսական անկանոն յարձակումը»` նշելով. «Քրամաթորսքի յարձակումը անարդարանալի պատերազմէն փախուստ տուողներուն ճամբան փակելու մէկ այլ փորձ մըն է»:

«Մեր պատժամիջոցներու նպատակը ռուսական ուժերու անպատասխանատու, անմարդկային ու թշնամական գործելաոճը դադրեցնելն է», ըսաւ ան:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել իր կարգին յայտնեց. «Ահաւոր է տեսնել Ռուսիոյ կողմէ տարհանման համար քաղաքայիններու կողմէ օգտագործուող շոգեկառքի գլխաւոր կայարաններէն մէկուն ռմբակոծումը»:

Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն իր նախապէս արտասանած խօսքերը, ըսաւ. «Ռուսիան յոյս ունի, որ Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութիւնը կրնայ տեսանելի ապագային աւարտիլ»: Ըստ անոր, Ռուսիան յոյս ունի, որ «յառաջիկայ օրերուն, տեսանելի ապագային, գործողութիւնը պիտի հասնի իր նպատակներուն կամ պիտի աւարտի ռուսական եւ ուքրանական պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններով»:

Փեսքով բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանէն մեծ ողբերգութիւն կոչած էր ռուս զինուորներու զգալի կորուստները:

«Մենք ձեզի հետ միասին ունինք միայն այն թիւերը, որոնք պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հրապարակէ: Ատիկա զգալի թիւ է», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ կորուստներու մասին ի՛նչ տուեալներու վրայ ան յենուած է, եթէ պաշտպանութեան նախարարութեան վերջին թիւերը եղած են մարտի վերջին:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը 25 մարտին հաղորդած էր, որ Ուքրանիոյ մէջ 1351 ռուս զինուոր զոհուած է, եւ աւելի քան 3800 զինուոր վիրաւորուած:

Միւս կողմէ, թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի, Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսի Ռեզնիքովի, ինչպէս նաեւ Ուզպեքիստանի պաշտպանութեան նախարար Պահոտըր Քուրպանովի հետ:

Աքար Շոյկուի հետ զրոյցի ընթացքին շեշտած է զինադադարի հաստատման, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի լուծման կարեւորութիւնը եւ խաղաղ բնակիչները վտանգաւոր գօտիներէն, մասնաւորաբար Մարիուփոլէն անվտանգ կերպով հեռացնելու հրատապութիւնը:

Բրիտանական գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ռուսական ուժերը հիւսիսային Ուքրանիայէն ամբողջութեամբ դէպի Ռուսիա եւ Պիելոռուսիա հեռացած են, եւ կը շարունակեն Ուքրանիոյ հարաւային շրջաններուն մէջ իրենց յառաջխաղացքը:

«Հիւսիսային Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերու որեւէ վերադասաւորում առնուազն մէկ շաբաթ պիտի տեւէ», նշեց բրիտանական հետախուզութիւնը` աւելցնելով. «Ուքրանիոյ արեւելքին եւ հարաւին մէջ քաղաքներու ռուսական ռմբակոծումը կը շարունակուի»:

Նախորդը

«Ֆրանսան Պիտի Դառնայ Ուքրանիոյ Անվտանգութեան Երաշխաւորը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Յաջորդը

Թենիս. Սերենա Ուիլիըմս Կը Պատրաստուի Վերադառնալ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.