Ինքզինք «Բաց ձեռքեր» կոչող համացանցահէններու խմբակը շարունակեց իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնիաղի անձնական տուեալները հրապարակել:
«Եբրայական 13» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իրանեան «Օփըն Հանտզ» («Բաց ձեռքեր», «Ա.») խմբակը, որ շուրջ երեք շաբաթ առաջ Մոսատի ղեկավարին պատկանող փաստաթուղթեր հրապարակած էր, երէկ «Թելեկրամ»-ի ճամբով բացայայտած է, թէ Մոսատը փորձած է Ղազախստանի նախագահ Քասեմ Ճոմարթ Թոքայեւը ահաբեկել:
Համացանցահէնային խմբակը յայտնեց, որ Մոսատի ղեկավարին դէմ հետախուզական գործողութիւնը սկսած է 2014 թուականին:


