Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխանական Ընտրութիւններ 2022

April 6, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Մորիս Սլիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւններն ու երեսփոխանական  ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

4 ապրիլ 2022-ի կէս գիշերին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան մէջ ընտրական ցանկերը արձանագրելու ժամկէտը աւարտեցաւ, որովհետեւ ընտրական օրէնքի թիւ 54-րդ յօդուածը կը պարտադրէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն 40 օր առաջ ընտրացանկերը պաշտօնապէս եւ իրենց վերջնական ձեւին մէջ արձանագրել:

Ընտրական օրէնքի թիւ 52 յօդուածին համաձայն, ընտրացանկերու մաս չկազմող թեկնածուներուն առաջադրանքը ինքնաբերաբար չեղեալ կը նկատուի. անոնք թիւով 284 են:

Կէս գիշերին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց նախարարութիւն, ուր ան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ արձանագրուած ընտրացանկերուն թիւը հասած է 103-ի, մինչ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած ընտրացանկերուն թիւը 77 էր:

Ան նշեց, որ 103 ընտրացանկերու վրայ կը գտնուին 718 թեկնածուներ, իսկ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչած են 42 թեկնածուներ:

«Ուրեմն արձանագրուած 1044 թեկնածուներէն 284-ը դուրս կը մնան` ընտրացանկերու մէջ չըլլալու պատճառով, իսկ 42-ը իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչած են, հետեւաբար 718 թեկնածուներ կը մրցին 128 աթոռներու համար: Ընտրացանկերու մեծագոյն թիւը արձանագրուած է Հիւսիսային Լիբանանի Բ. ընտրաշրջանին մէջ, ուր կայ 11 ընտրացանկ:

Ընտրացանկերու փոքրագոյն թիւը հարաւային Լիբանանի Գ. ընտրաշրջանին մէջ կը գտնուի, հոն կայ 3 ընտրացանկ», ըսաւ Մաուլաուի:

Ան հաստատեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը յանձնառու է խորհրդարանական ընտրութիւնները լաւապէս կազմակերպելու եւ հեզասահ կերպով կատարելու:

Մաուլաուի ընդգծեց, որ այս տարուան ընտրացանկերուն մէջ թեկնածութիւն առաջադրած են 118 կին թեկնածուներ` աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով  Լիբանանի մէջ այսքան մեծ թիւով իգական սեռի ներկայացուցիչ թեկնածուներ կ՛արձանագրուին:

Պասսամ Մաուլաուի յայտնեց նաեւ, որ հանրապետութեան նախագահը ցարդ չէ ստորագրած երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու օրէնքը:

Մաուլաուի շեշտեց, որ ընտրութիւնները առիթ են Լիբանանին, եւ կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ուղղուելու քուէատուփ եւ ընտրելու ազատօրէն:

«Կը փափաքիմ կազմակերպել թափանցիկ ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին խախտումներ չարձանագրուին: Ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ, որ ընտրական կեդրոններուն մէջ ելեկտրական հոսանք ապահովուի», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Քալլաս Վ. Օհանեան-Գէորգեանէն Խնդրեց Լիբանանեան Պատուիրակութեան Ընկերակցիլ Պաղտատ

Յաջորդը

«Մենք Կոչ Կ՛ուղղենք` Ազատ Արձակելու Բոլոր Բանտարկեալները» Կ՛ըսէ Դեսպան Լին Թրէյսի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.