Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հրապարակեց Ուքրանիոյ աջակցութեան տեսանիւթ մը, որուն մէջ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ «Վլատիմիր Փութինը երբեք պիտի չկոտրէ ուքրանացի ժողովուրդի ոգին եւ պիտի չգրաւէ անոնց հայրենիքը»:
«Ուքրանիան դարձեալ ոտքի պիտի կանգնի եւ իր տեղը գրաւէ ազատ եւ գերիշխան ազգերու շարքին մէջ… մենք` բրիտանացիներս, հիացած ենք ուքրանացիներու հայրենասիրութեամբ: Մեր գործն է ամէն ինչ ընել անոնց աջակցելու համար: Բրիտանիան երբեք պիտի չհրաժարի իր ընկերներուն աջակցելէ», ըսած է Բրիտանիոյ վարչապետը:
«Պէտք է աճապարել դադրեցնելու ռուսական կազէն ու քարիւղէն կախեալութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Կարելի է, մեր դաշնակիցներուն հետ խորհրդակցաբար, Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատել»:
«Մեր առաւելագոյն ջանքը պիտի թափենք Ուքրանիոյ կարիք ունեցած զինուորական օժանդակութիւնները տրամադրելու», յայտնեց Ճոնսըն` շեշտելով. «ՕԹԱՆ-ի մէջ մեր դաշնակիցներուն հետ պիտի շարունակենք աշխատիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ձախողութիւնը ապահովելու համար»:


