Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանական Պատուիրակութիւն. «Ռուսիան Բանակցութիւններուն Մէջ Փութին-Չելենսքի Հանդիպումի Մը Կայացման Համար Բաւարար Յառաջդիմութեան Արձանագրումը Կը Նշէ»

April 4, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութիւնը յայտարարեց. «Մոսկուան բանակցութիւններուն մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպումի մը կայացման համար բաւարար յառաջդիմութեան արձանագրումը կը նշէ»:

«Զելենսքիի եւ Փութինի միջեւ հանդիպման թուականն ու վայրը տակաւին չեն ճշդուած. հաւանական է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենայ», նշեց պատուիրակութիւնը` աւելցնելով. «Ռուսիան ընդունեց ուքրանական դիրքորոշումը, բացի Խրիմի կարգավիճակէն»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նախապէս նշած էր. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն հանդիպումը կարելի պիտի ըլլայ անմիջապէս, որ Ռուսիոյ ներկայացուցած հիմնական հարցերուն վերաբերեալ յստակացումներ կատարուին, եւ կ՛ուզենք, որ Պոլսոյ մէջ ուքրանացիներուն հետ բանակցութիւնները յաջողին եւ Քիեւի վարչակարգին կողմէ Տոնպասի մէջ քաղաքայիններու սպանութեան դադրեցման յանգեցնեն»:

Ամերիկեան լրատուամիջոցներ երէկ` վկայակոչելով Ռուսիոյ հետ բանակցող ուքրանական պատուիրակութիւնը, հաղորդեցին. «Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի բանաձեւումը իր աւարտի եզրին է»:

Ըստ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն, պատուիրակութիւնը նաեւ նշած է. «Գոյութիւն ունի Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ հանդիպումի մը կարելիութիւնը»:

Ուքրանիոյ հետ բանակցող ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքի իր կարգին նշեց. «Քիեւ աւելի իրապաշտ մօտեցում կը ցուցաբերէ երկրի չէզոք կարգավիճակին եւ հիւլէական զէնք ունենալէն հրաժարելու հարցերուն մէջ, սակայն համաձայնագիրի նախագիծը տակաւին պատրաստ չէ աւելի բարձր մակարդակով հանդիպում կազմակերպելու համար»:

Խօսելով համաձայնագիրի նախագիծին մասին` Մետինսքի ընդգծեց, որ փաստաթուղթին վրայ աշխատանք կատարուած է 1 եւ 2 ապրիլի առցանց հանդիպումի ընթացքին եւ այսօր` 4 ապրիլին այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօր. Իկոր Քոնաշենքով յայտարարեց. «Այսօր առաւօտեան ցամաքային ու ծովային տեղակայման բարձր ճշգրտութեան հրթիռներով ոչնչացուած են Օտեսայի մէջ քարիւղի մշակման գործարան մը եւ վառելանիւթի երեք պահեստներ, որոնցմէ վառելանիւթ կը մատակարարուէր ուքրանական զօրքերուն»:

Ան աւելցուց, որ ռուսական բանակը գիշերուան ընթացքին հարուածած է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու 51 դիրքեր, ներառեալ 4 հրամանատարական կէտ, ՕՍԱ-ԱԿՄ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի երկու կայան եւ այլ համակարգեր:

 

 

Նախորդը

Իրազեկման Քայլեր` 5 Ապրիլի Հանրահաւաքին Ընդառաջ

Յաջորդը

Արեւմտեան Երկիրներ Ռուսիան Կ՛ամբաստանեն Պուչայի Մէջ «Ռազմական Յանցագործութեամբ»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.