Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտբաց Զրոյց «Ազդակ»-ին Հետ

April 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Շա՛տ սիրելի «Ազդակ»,

Անձնական յատուկ պատճառներով 95-ամեակիդ առիթով օրին չկարողացայ զրոյց ունենալ հետդ: Ուստի ի սրտէ ներողութիւն կը խնդրեմ:

Այսօր, կազդուրուելէ ետք, որոշեցի նստիլ դէմդ եւ զրուցել հետդ:

Սիրելի՛ եւ յարգելի «Ազդակ»,

Ծնար 5 մարտ 1927-ին, այսինքն` 95 տարիներ առաջ: Ծնար Հայոց ցեղասպանութենէն 12 տարիներ ետք, երբ արդէն ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը արմատներ նետած էր արաբական երկիրներու մէջ, յատկապէս` Սուրիա եւ Լիբանան: Լիբանանահայութիւնը վերապրելու ընթացքի մէջ էր, ազգային-եկեղեցական կեանքը օր ըստ օրէ կը կազմակերպուէր, եւ նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրուէին:

Ծնար հայ ժողովուրդի արգասաբեր արգանդէն` նուիրեալ եւ հաւատաւոր խումբ մը հայորդիներու  տեսիլքով եւ խիզախութեամբ:

Լոյս տեսար, որպէսզի լուսաւորես հայ անհատին միտքն ու հոգին եւ գաղթական մարդուն հոգեբանութիւնը:

Առաջին օրէն ունեցար լրատուական որոշ դերակատարութիւն մը` ժողովուրդին հաղորդել  քաղաքական ու հասարակական լուրեր եւ անդրադառնալ տեղական ու միջազգային իրադարձութիւններու: Սակայն  այս բոլորին հետ միատեղ ունեցար իւրայատուկ դերակատարութիւն մը` ազգային առաքելութիւն մը, որ կը մարմնաւորուէր հայեցի դաստիարակութեամբ:

Դարձար ազդակ մը սփիւռքի օտար եւ օտարացնող պայմաններու մէջ հայը հայ պահելու եւ հայ մարդը իրաւացի հայ դարձնելու ճիգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` հայ անհատին մէջ գիտակից, վաւերական եւ ամբողջական հայը կազմաւորելու գործընթացին մէջ:

Սփիւռքի դժուար պայմաններու մէջ հայ գիրն ու մշակոյթը վեր պահեցիր եւ կարողացար հասնիլ սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներու հայորդիներուն: Եղար մղիչ ուժ մը, որ հայ զանգուածները ամէն օր կարդան հայերէն եւ ըմբոշխնեն մեր ոսկեղենիկ մայր լեզուն: Լուսաւորեցիր հայ ժողովուրդին միտքը, յագեցուցիր անոր հոգեմտաւոր ծարաւը եւ եղար  հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման ուժեղ դարբնոցը:

Կազմաւորուող հայ սերունդներուն ծանօթացուցիր հայ ազգի մշակութային, պատմական եւ հոգեւոր հարստութիւններն ու աւանդութիւնները:  Տոգորեցիր զանոնք հայկական տոհմիկ սովորութիւններով: Յագեցուցիր զանոնք ազգային եւ միջազգային  մշակութային, մարզական, ընկերային եւ երիտասարդական  իրադարձութիւններով:

Եղար Հայաստան-Արցախ-սփիւռք երրորդութեան իրադարձութիւններուն, նուաճումներուն, զարգացումներուն եւ ցաւերուն խօսնակն ու տեղեկատուական կեդրոնական աղբիւրը:

Հայ դատի հետապնդման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գործընթացը եղաւ կեդրոնական մտասեւեռումդ:

Թափանցեցիր ոչ միայն լիբանանահայութեան տուներէն ներս, այլ նաեւ` հայ սփիւռքի բոլոր համայնքներու տուներէն:

95 տարի ամբողջ մնացիր պատնէշի վրայ, գործեցիր աննկուն` միշտ յարատեւելու եւ յառաջդիմելու անխախտ կամքով:

Դիւրին չեղաւ այս բոլորը, սակայն շնորհիւ ՔԵԶ շրջապատող ղեկավարներուն,  գիտակից, հաւատաւոր եւ ազգային մտահոգութիւններով տոգորուած տնօրէններու, խմբագիրներու եւ անձնակազմին ու հայ ժողովուրդի քաջալերանքին` բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեցիր եւ ահա այսօր ճակատաբաց կը փաստես ներկայութիւնդ ի սփիւռս աշխարհի:

Վստահ եմ` պիտի շարունակես  սրբազան առաքելութիւնդ, աւելիով պիտի տաս  հաւատաւոր ժողովուրդիդ եւ հետեւորդներուդ ու պիտի մնաս Լուսաւորչի կանթեղի նման միշտ լուսաւորեալ եւ լուսաւորող:

Անհուն ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ 95-ամեակդ: Ի սրտէ կը մաղթեմ ՔԵԶԻ յարաճուն վերելք, արդիւնաւոր եւ բեղմնալից ապագայ` լեցուն նորանոր իրագործումներով եւ նուաճումներով ու մանաւանդ` «Լուսապսակ 100-ամեակ»:

Սիրելի՛ «Ազդակ»,

Կը խոնարհիմ 95-ամեայ վաստակիդ առաջ եւ կը սպասեմ «Լուսապսակ 100-ամեակ»-իդ: Կը յուսամ` պիտի արժանանամ վկայելու այդ աննախընթաց հարիւրամեակը:

Մոնրէալ, 30 մարտ 2022

Նախորդը

Քեսապի Պապուկները

Յաջորդը

Անտարբերութեան Դէմ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.