Ռուսիան սննդամթերք եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւններ պիտի մատակարարէ միայն իր բարեկամ երկիրներուն: Այս մասին «Թելեկրամ»-ի իր ալիքին վրայ յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարի տեղակալ Տմիթրի Մետվետեւ:
«Մենք սնունդ եւ գիւղատնտեսական արտադրութիւններ պիտի մատակարարենք միայն մեր ընկերներուն (բարեբախտաբար, մենք անոնցմէ շատ ունինք, եւ անոնք ընդհանրապէս Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ չեն): Մենք թէ՛ ռուբլիով, թէ՛ անոնց ազգային դրամանիշով համաձայնեցուած համամասնութիւններով պիտի վաճառենք: Մենք մեր ապրանքն ու գիւղամթերքը մեր թշնամիներուն պիտի չմատակարարենք: Եւ մենք անոնցմէ ոչինչ պիտի գնենք», գրած է Ռուսիոյ նախկին նախագահը:
Մետվետեւ նաեւ ընդգծած է, որ թէեւ Ռուսիան 2014 թուականէն ի վեր շարք մը արեւմտեան պարենային ապրանքներ չի գներ, սակայն «ներածման համար արգիլուած ապրանքներու ցանկը տակաւին կարելի է ընդլայնել»:


