Աւստրիոյ վարչապետ Քարլ Նեհամեր «Քրոնըն Ցայթունկ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին դէմ արտայայտուած է Ռուսիայէն կազի եւ քարիւղի ներածումներուն դէմ արգելքի հաստատման: Ան այս մասին յայտարարած է իր գերմանացի պաշտօնակից Օլաֆ Շոլցի հետ բանակցութիւններէն ետք:
«Պատժամիջոցները իմաստ ունին միայն այն պարագային, եթէ անոնք կը տկարացնեն ան, որուն համար հաստատուած են, եւ ոչ թէ ան, որ զանոնք հաստատած է», ընդգծած է Նեհամեր:


