Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսելի Մէջ Քլաարի Կազմակերպութեամբ Գրիգորեան-Հաճիեւ Հանդիպում

April 1, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան 30 մարտին Պրիւքսելի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: Հանդիպումը կազմակերպուած է Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի կողմէ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնական կայքը:

«Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսելի մէջ կազմակերպած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հանդիպումը` յառաջ մղելու միացեալ ջանքերը` երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը հարցերու լուծումները գտնելու: Մասնաւորաբար, քննարկումները կեդրոնացած են Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 6 ապրիլ 2022-ին տեղի ունենալիք հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներուն վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութենէն յայտնած են, որ առարկայական քննարկումներու ընթացքին, որոնք ներառած են նաեւ առանձին երկկողմանի հանդիպումներ Գրիգորեանի եւ Հաճիեւի միջեւ, կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խնդիրներու ամբողջական շրջանակը, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու անվտանգային կացութիւնը` իբրեւ շարունակութիւն երկու երկիրներու ղեկավարներու եւ Միշելի միջեւ Պրիւքսելի մէջ 14 դեկտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած փոխըմբռնումներուն:

Մասնակիցները համաձայնած են յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին դարձեալ հանդիպելու` շարունակելու համար քննարկումները:

«Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պիտի անդրադառնան նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հեռանկարներուն վերաբերող հարցերուն: Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ` շարունակելու իր ներգրաւուածութիւնը` յանուն Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Նախքան Նախագահի Պաշտօնիս Աւարտը` Փտածները Բացայայտած Պիտի Ըլլամ»

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Թէ՛ Մենք, Թէ՛ Ազրպէյճանը Պիտի Բանանք Հայաստանի Հետ Մեր Սահմանները, Յարաբերութիւնները Պիտի Կարգաւորուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.