Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի. «Կը Փափաքին Կառավարութիւնը Ձախողեցնել` Ջնջելու Համար Երեսփոխանական Ընտրութիւնները»

March 31, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ երկրին ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցեր:

Միքաթի ընդունեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիէն, որ ներկայացուց Քամերունի եւ Ֆրանսայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել` աւելցնելով, որ անոնց վերջին խաղաքարտը կառավարութիւնը ձախողեցնելն է` ջնջելու համար երեսփոխանական ընտրութիւնները:

«Այդ պատճառով ալ պիտի չհրաժարիմ, սակայն կը փափաքիմ բոլորին ուշադրութեան յանձնել, որ երկիրը այս ձեւով կարելի չէ կառավարել, որովհետեւ կատարուածը երկրին ու քաղաքացիներուն հաշուոյն է եւ ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգի», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի զարմանք յայտնեց, որ ոմանք պետական ամավարկը ուղղակիօրէն առնչած են տնտեսական եւ ելեւմտական ապաքինման կառավարութեան ծրագիրին: «Պետական ամավարկը սահմանադրական հոլովոյթ մըն է, որ կառավարութիւնը պէտք է ամբողջացնէ` յարգելով ժամկէտները, սակայն ապաքինման ծրագիրը անջատ է եւ առանձին պիտի ներկայացուի խորհրդարանին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կան մարդիկ, որոնք ամբոխահաճոյ կը փորձեն ըլլալ եւ կառավարութեան ու երկրին իշխանութեան հաշուոյն յայտարարութիւններ կատարել: «Յայտարարութիւններու թատրոնը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ մեր վրայ», շեշտեց Միքաթի:

Անդրադառնալով «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծին` Միքաթի յայտնեց, որ խորքին մէջ անիկա խորհրդարանէն կառավարութեան փոխանցուած օրինագիծ մըն է, որուն մէջ պահանջուած է կարգ մը բարեփոխումներ կատարել կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ կեցուածք ապահովել` Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ:

 

Նախորդը

Պու Հապիպ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Դեսպան Աթաբէկեան Նախագահ Աունին Յանձնեց Հայաստանի Նախագահին Նամակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.