Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուն Մտադիր Է Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու, «Եթէ Երեւանը Պատրաստ Է Լուրջ Քայլերու»

March 30, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքու կը յայտարարէ, թէ մտադիր է Երեւանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու, եթէ Հայաստանը պատրաստ է լուրջ քայլերու դիմելու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Թէ ի՛նչ քայլերու մասին է խօսքը` պաշտօնական յայտարարութիւնը չի յստակացներ:

«Եթէ հայկական կողմը խաղաղութեան համաձայնագիրը չի նկատեր իբրեւ հասարակութիւնը տեղեակ պահելու հերթական քայլ, այլ` լուրջ քայլ, ապա ժամանակն է որոշակի քայլեր ձեռնարկելու: Կ՛ուզենք դարձեալ ընդգծել, որ Ազրպէյճանը ատոր պատրաստ է», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պաքուն դարձեալ յիշեցուցած է լուծման այն հինգ սկզբունքները, զորս ներկայացուցած էր Հայաստանին` ընդգծելով, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը պէտք է անոնց վրայ հիմնուած ըլլայ:

Մեկնաբանելով Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի երկուշաբթի օրուան յայտարարութիւնը, թէ անհրաժեշտ են միջազգային զսպման մեքանիզմներ` հետագայ լարուածութիւնը կանխարգիլելու համար, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պնդած է, թէ զսպման լաւագոյն ձեւը միջազգային օրէնքն է, ներառեալ «այլ պետութիւններու ներքին գործերուն չմիջամտելը եւ պետութիւններու գերիշխանութեան ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն նկատմամբ յարգանքը»: Հայաստանը, ըստ նախարարութեան յայտարարութեան, չի յարգեր միջազգային օրէնքը եւ «չի կրնար խօսիլ միջազգային զսպման մեքանիզմի մասին»:

Պնդելով, թէ Երեւանը կը խախտէ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն եռակողմ յայտարարութեան կէտերը, Պաքուն կը յայտարարէ, որ ճիշդ ատիկա  «կը մեծցնէ շրջանին մէջ լարուածութեան աստիճանը եւ կը վտանգէ խաղաղարար ջանքերը»:

 

 

Նախորդը

Ռուսիան Յոյս Ունի, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Կացութիւնը Կարգաւորուի 9 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան Հիման Վրայ» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Յաջորդը

Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.