Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գետ-Գիտութեան

March 29, 2022
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Մեթի Պատմութիւնը
-Սովորաբար Չարաշահուող Դեղագիրով Եւ Առանց Դեղագիրի Դեղեր

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ 

Մեթի Պատմութիւնը

Ճափոնցի քիմիագէտը առաջին անգամ մշակեց մեթամֆեթամին մը, որ նաեւ կը կոչուի meth, crank, crystal meth կամ speed, այլ խթանիչէ մը, 1893 թուականին: Մեթամֆեթամինը կանուխ շրջանին օգտագործուած է քնկոտութեան դէմ պայքարելու, ազմայի ախտանիշները թեթեւցնելու եւ ծանրութիւն նուազեցնելու համար: Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ դաշնակիցները եւ Առանցքի ուժերը` երկուքն ալ թմրանիւթը  կ՛օգտագործէին զօրքերը արթուն պահելու համար: Պատերազմէն ետք մեթի օգտագործումը կտրուկ ձեւով աճ արձանագրեց, նոյնիսկ` 1970-էն ետք, երբ Միացեալ Նահանգները զայն օրէնքէ դուրս յայտարարեցին:

Էֆետրա

Գիտնականները առաջին անգամ մշակած են ամֆեթամինի տեսակի խթանիչներ, որոնցմէ է մեթամֆեթամինը, որպէս էֆետրա (ephedra) բոյսի արհեստական այլընտրանք:

Էֆետրան թուփի տեսակ մըն է, որուն քաղուածքը կ՛օգտագործուի աւանդական չինական բժշկութեան մէջ աւելի քան 5000 տարիէ ի վեր: 1885 թուականին Նակայ Նակայոշին` ճափոնցի քիմիագէտը, որ կ՛ուսանէր Գերմանիոյ մէջ, յայտնաբերեց էֆետրայի գործուն քիմիական նիւթը` էֆետրին կոչուող խթանիչը:

Մեթամֆեթամին պատրաստելը դժուար էր մինչեւ 1919 թուական, երբ այլ ճափոնցի քիմիագէտ մը` Աքիրա Օկատա, արագցուց գործընթացը: Ան օգտագործեց լուսածին (phosphorus) եւ մանիշ (iodine)` էֆետրինը բիւրեղացած ձեւի (crystallized form) վերածելու համար` ստեղծելով աշխարհի առաջին բիւրեղեայ մեթը:

Բիւրեղեայ մեթը եւ մեթամֆեթամինի
այլ տեսակներ

Մեթամֆեթամինը խթանող (stimulant) դեղատեսակ է: Դեղատեսակի ձեւ մը, որ յայտնի է որպէս մեթամֆեթամինի հիտրոքլորիտ: Կը վաճառուի Desoxyn անունով` որպէս Սնունդի եւ դեղերու վարչութեան (FDA) կողմէ վերահսկուող նիւթ, որ կ՛օգտագործուի ADHD-ի եւ գիրութեան բուժման համար:

Adderall-ը (ամֆեթամին) եւ Ritalin-ը (մեթիլֆենիտաթ) FDA-ի կողմէ հաստատուած դեղատեսակներ են, որոնք սովորաբար կ՛օգտագործուին դեռահասներու կողմէ ADHD-ի բուժման համար:

Մեթամֆեթամինի այլ ապօրինի ձեւերը, սովորաբար սպիտակ փոշիի տեսքով, մարդիկ կրնան ռնգաշնչել կամ լուծել ջուրի մէջ եւ ներարկել զայն:

Բիւրեղեայ մեթը դեղատեսակին պինդ, բիւրեղային ձեւն է: Զայն կրնանք նմանցնել ապակիի բեկորներու կամ թափանցիկ սպիտակ ժայռերու:

Օգտագործողները յաճախ կը ծխեն կամ կը ռնգաշնչեն բիւրեղեայ մեթը: Թմրանիւթը ծխելը կրնայ արագօրէն բարձրացնել ուղեղին մէջ մեթամֆեթամինի մակարդակը: Այս մէկը զայն սպառողներուն կու տայ արագ եւ ամպերուն մէջ մնալու զօրաւոր զգացում մը: Բիւրեղեայ մեթը այս ձեւով ե՛ւ աւելի կախուածութիւն կը յառաջացնէ, ե՛ւ աւելի վնասակար կը դառնայ, քան` մեթամֆեթամինի այլ տեսակները:

Պենզետրինի եւ մեթամֆեթամինի
կանուխ օրերու օգտագործումը

Ամֆեթամինի ներշնչակներու (inhaler) վաճառքը ամերիկեան Smith, Kline եւ French դեղագործական ընկերութիւնը սկսաւ 1932 թուականին` ազմայի եւ քիթի արիւնազեղման պարագային օգտագործելու համար:

Դեղի ներշնչակային տեսակը, որ կը կոչուէր Պենզետրին (Benzedrine), սկիզբի շրջանին հասանելի էր առանց դեղագիրի: Մարդիկ շուտով յայտնաբերեցին անոր երանութիւն պատճառող (euphoria) եւ ներուժ հաղորդող կողմնակի ազդեցութիւնները:

Այս խթանիչ ազդեցութիւններուն պատճառով դեղագործական ընկերութիւնները սկսան արտադրել Պենզետրին` դեղահատերու տեսքով, յատուկ քունի խանգարման հիւանդութիւններու համար:

Մեթամֆեթամինները Բ.
Համաշխարհային պատերազմին
Փերվիթինը` գերմանական զօրքի յառաջամասին «խթանիչ ուժը»

Բ. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գերմանական Temmler դեղագործական ընկերութիւնը մեթամֆեթամինի դեղահատերը կը վաճառէր առանց դեղագիրի, Pervitin ապրանքանիշի անուան տակ:

Մեթամֆեթամինը մարմնին մէջ կը յառաջացնէ ատրենալինի նման արձագանգ` բարձրացնելով զգօնութիւնը եւ ամրապնդելով ռիսքի դիմելու պատրաստակամութիւնը:

Կը հաղորդուի, որ ճափոնցի, ամերիկացի, բրիտանացի եւ գերմանացի զինուորականներ օգտագործած են խթանիչը` երկարատեւ արշաւներու ժամանակ, իրենց տոկունութիւնը բարձրացնելու եւ յոգնածութենէ ազատուելու համար:

Ճափոնի քամիքազ զինուորներէն մին

Քամիքազ (Kamikaze) (1) օդաչուները ստացած են Pervitin-ի բարձր դեղաչափեր` ինքնասպանութեան իրենց թռիչքը կատարելէ առաջ: Ճափոնական գործարանի աշխատողները նաեւ մեթամֆեթամին օգտագործած են աւելի երկար ժամեր աշխատելու համար:

Գերմանական բանակը հրամայեց առաջին գիծի զինուորներուն եւ կործանիչներու օդաչուներուն առնել ռազմական արտադրութեան խթանիչներ, որոնք կը պարունակէին մեթամֆեթամինի եւ քոքայինի համակցութիւն մը:

Պիթի Սերունդը եւ պեննիները
(The Beat Generation եւ «Bennies»)

Պենզետրինի կամ պեննիի վերամշակուած օգտագործումը 1950-ականներուն դարձաւ Պիթնիքի մշակոյթի հռչակաւոր մէկ մասը: Պիթի սերունդի գրողներէն շատերը, որոնց կարգին` գրող Ժագ Քերուաք եւ բանաստեղծ Ու. Հ. Օտըն, կ՛ըսուի, որ օգտագործած են արհեստական խթանիչներ, որոնց կարգին են պեննիները:

Սակայն 1950-ականներու վերջը ամֆեթամինի օգտագործումը սկսաւ անյաջողութեան մատնուիլ: 1959 թուականին FDA-ը սկսաւ պահանջել Պենզետրինի դեղագիր:

Նաեւ ակնյայտ էր, որ սովորական օգտագործողներու եւ թմրամոլներու մօտ ամֆեթամինները բազմաթիւ վնասակար ազդեցութիւններ կ՛ունենային, ներառեալ` զառանցանքները, անկանոն սրտի բաբախումը եւ սրտի անբաւարարութիւնը:

Մեթի կախուածութիւն

Մեթամֆեթամինի երկարատեւ օգտագործումը կրնայ յանգիլ կախուածութեան: Ժամանակի ընթացքին ուղեղը կը զարգացնէ հանդուրժողականութիւն դեղատեսակի նկատմամբ, եւ օգտագործողին անհրաժեշտ կ՛ըլլայ աւելի ու աւելի մեծ չափաբաժիններ սպառել` նոյն հաճելի ազդեցութիւններուն հասնելու համար:

Յատկապէս բիւրեղեայ մեթը կրնայ կախուածութիւն յառաջացնել: Որոշ գործածողներ կը նշեն, որ այս թմրանիւթը միայն մէկ անգամ փորձելէ ետք կախուածութիւն ունեցած են:

Մեթէն կախուածութիւնը կրնայ լուրջ փոփոխութիւններ յառաջացնել ուղեղին մէջ, ներառեալ` ցնորատեսութիւնը եւ զառանցանքները (օրինակ` մորթի տակ սողացող միջատներու զգացում մը):

Շատ թմրամոլներ ունին փտած ակռաներ, որ յայտնի է որպէս մեթոտ բերան: Անոնք նաեւ ծանրութեան մեծ կորուստ կ՛ունենան:

Մեթի տարրալուծարանները եւ
բիւրեղեայ մեթի համաճարակը

1980-ականներուն Միացեալ Նահանգները սկսան էֆետրինի վաճառքի եւ օգտագործման կանոնակարգերը խստացնել, որուն պատճառով ապօրինի տարրալուծարաններ սկսան աւելի դիւրին ձեւով ձեռք ձգել սոտոէֆետրինը` քիմիական նիւթ մը, որ յայտնաբերուած է պաղառութեան դէմ մեծ թիւով դեղերուն մէջ:

Crystal Meth

Բիւրեղեայ մեթի օգտագործումը Միացեալ Նահանգներուն մէջ «պայթեցաւ» 1990-ականներու սկիզբը: 1994-2004 թուականներուն մեթամֆեթամինի օգտագործումը աճ արձանագրեց Միացեալ Նահանգներու չափահաս բնակչութեան մօտ` երկու տոկոսէն հասնելով մօտաւորապէս մինչեւ հինգ տոկոսի:

2006 թուականին ՄԱԿ-ի Թմրամիջոցներու համաշխարհային զեկոյցը մեթը անուանեց աշխարհի ամենաշատ չարաշահուած թմրանիւթը:

Մեթի օգտագործումը նուազած է վերջին տասնամեակներուն` հաւանաբար բազմաթիւ երկիրներու մէջ սոտոէֆետրինի վաճառքի սահմանափակումներուն պատճառով: Միացեալ Նահանգներուն մէջ 2012 թուականին մօտաւորապէս 1,2 միլիոն մարդ (Միացեալ Նահանգներու բնակչութեան մօտ 0,4 տոկոսը) յայտնած է, որ վերջին մէկ տարուան մէջ օգտագործած է մեթ:

Adderall, Ritalin եւ ADHD

Թէեւ Adderall-ը եւ Ritalin-ը ունին որոշ քիմիական յատկութիւններ, որոնցմով նման են մեթամֆեթամինին, սակայն անոնք սովորաբար կը համարուին աւելի անվտանգ, երբ կ՛առնուին սահմանուած դեղաչափերով` բժիշկի հսկողութեան ներքոյ: Այս դեղերու չարաշահումը, սակայն, կրնայ յանգիլ կախուածութեան:

Վերջին տարիներուն Միացեալ Նահանգներու չափահաս բնակչութեան շրջանակին մէջ մեծցած է թիւը դեղագիրով խթանիչներու, յատկապէս` Adderall-ի օգտագործումը: 2012 թուականին 20- 39 տարեկան չափահասները ստացած են մօտաւորապէս 16 միլիոն Adderall-ի դեղագիր:

——————–

(1) Քամիքազ – Ռազմական օդանաւերու ճափոնական յատուկ յարձակման ստորաբաժանումներու օդաչուներ, որոնք Ճափոնի կայսրութեան կողմէ ինքնասպանական յարձակումներ կը գործէին դաշնակիցներու մարտանաւերու վրայ, Բ. Համաշխարհային պատերազմի «խաղաղովկիանոսեան» արշաւի վերջին փուլերուն` նպատակ ունենալով ոչնչացնել ռազմանաւերը աւելի արդիւնաւէտ ձեւով, քան` սովորական օդային յարձակումները:

(2) The Beat Generation-ը գրական շարժում մըն էր, որ սկսած էր խումբ մը հեղինակներու կողմէ, որոնց աշխատանքը ուսումնասիրած եւ ազդած է ամերիկեան մշակոյթին եւ քաղաքականութեան վրայ յետպատերազմեան դարաշրջանին:

Աղբիւր` History.com

Սովորաբար Չարաշահուող Դեղագիրով
Եւ Առանց Դեղագիրի Դեղեր

Դեղերու չարաշահում (Drug Abuse)

Խօսքը միայն փողոցային թմրանիւթերու մասին չէ: Մարիխուանայի հետ միասին օրինական դեղատեսակները Միացեալ Նահանգներու մէջ ամէնէն շատ չարաշահուող դեղատեսակներն են: Անոնք կրնան բուժել մեզ եւ օգնել: Սակայն անոնցմէ շատերը կրնան կախուածութիւն յառաջացնել եւ վտանգաւոր ըլլալ, եթէ սխալ կերպով օգտագործուին:

Ձեր ընտանիքը ապահով պահեցէք: Օգտագործեցէք այս ուղեցոյցը, որ կ՛օգնէ ձեզի յայտնաբերելու յաճախ չարաշահուող որոշ դեղատեսակներ:

Պարպիթուրէյթներ

Ասոնք հանգստացնող դեղեր են (sedative), ինչպիսիք են` Phenobarbital-ը, Pentobarbital-ը (Nembutal) եւ secobarbital-ը (Seconal): Անոնք կ՛օգնեն մտահոգութեան, քունի հետ կապուած խնդիրներու եւ որոշ նոպաներու պարագային: Բայց եթէ ձեզի համար նախատեսուած դեղաչափէն կամ տեւողութենէն աւելի սպառէք, կրնաք կախուածութեան մէջ իյնալ: Մեծ դեղաչափերը կրնան շնչառութեան դժուարութիւն յառաջացնել, յատկապէս եթէ զանոնք օգտագործէք ալքոլ խմած ժամանակ: Եթէ չէք կրնար գործել առանց պարպիթուրէյթներու, բժշկական օգնութիւն պէտք է ստանաք: Կախուածութիւնը կտրուկ ձեւով կանխելը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ:

Պենզօտիազեփիններ

Alprazolam-ը (Xanax), Clonazepam-ը (Rivotril) եւ Diazepam-ը (Valium) պենզոտիազեփիններու օրինակներ են` հանգստացնողի մէկ այլ տեսակ, որ կրնայ օգնել մտահոգութեան, նոպաներու եւ քունի հետ կապուած խնդիրներու պարագային: Անոնք լաւ կ՛աշխատին եւ աւելի անվտանգ են պարպիթուրէյթներէն: Բայց չափէն աւելի օգտագործուած կամ նոյնիսկ սահմանուած կարգով օգտագործած պարագային, անոնք նաեւ կրնան ի վերջոյ կախուածութիւն յառաջացնել: Այս դեղերու կտրուկ դադրեցումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ: Եթէ կը կարծէք, որ կախուածութիւն ունիք այս դեղամիջոցներէն, խօսեցէք ձեր բժիշկին հետ: Դեղագիրով դեղերը պէտք չէ կիսել այլոց հետ: Անոնք միայն դեղագիր ունեցող մարդոց համար են:

Քունի դեղեր

Եթէ դժուարութիւն ունիք քնանալու, կարգ մը դեղատեսակներ, ինչպիսիք են` Zolpidem-ը (Stilnox), Eszopiclone-ը (Lunesta) եւ Zalpelon-ը (Sonata), կրնան օգնել ձեզի ստանալու պէտք եղած հանգիստը: Բայց եթէ զանոնք ձեր բժիշկին առաջարկածէն աւելի երկար գործածէք, կրնաք կախուածութիւն յառաջացնել եւ քնանալու յաւելեալ կարիք ունենալ: Քունի առողջաբանութեան (Sleep Hygiene) (1) հմտութիւններու կիրարկումը քունի հետ կապուած խնդիրներու լուծման լաւագոյն միջոցն է: Թէեւ անոնք այնքան կախուածութիւն չեն յառաջացներ, որքան` որոշ քնաբերներ, սակայն բժիշկները  մտահոգուած են անոնց չարաշահումներով, եթէ անոնք չառնուին սահմանուած կարգով:

Քոտէին եւ մորֆին

Դեղագիրով չարաշահուած դեղերէն են նաեւ քանի մը տեսակ ցաւազերծողները, մասնաւորապէս` ափիոնները (opioid): Այս դեղերը կը մեղմացնեն ցաւը, բայց մեծ դեղաչափերով անոնք կրնան նաեւ յառաջացնել ամպերու մէջ ըլլալու զգացում մը եւ վտանգաւոր կողմնակի ազդեցութիւններ: Բժիշկները սովորաբար մորֆին կը նշանակեն ուժեղ ցաւերու պարագային, իսկ քոտէինը` աւելի մեղմ ցաւի կամ հազի պարագային:

Օքսիքոնթին, Փերքոսեթ

Մէկ այլ ափիոնային ցաւազերծող մըն է Oxycodon-ը: Ան առկայ է OxyContin-ի, Percocet-ի, Percodan-ի եւ Roxicodone-ի մէջ: Մարդիկ, որոնք կը չարաշահեն օքսիքոտոնը, երբեմն կը փշրեն եւ կը ռնգաշնչեն (sniff) կամ կը ներարկեն զայն. բաներ, որոնք կը մեծցնեն չափէն աւելի դեղաչափ ստանալու վտանգը: OxyContin-ի «փողոցային» անուններէն են «oxy», «O.C.» եւ «oxycotton»-ը, իսկ Percocet-ի պարագային` «percs»-ը:

Վայքոտին

Այս դեղը կը պարունակէ ափիոն Hydrocodone-ը եւ Paracetamol: Ափիոնները կը պատճառեն քնկոտութիւն եւ պնդութիւն: Բարձր չափաբաժինները կրնան վտանգաւոր շնչառական խնդիրներ յառաջացնել: Վայքոտինի «փողոցային» անուններէն են «vike»-ը եւ «Watson-387»-ը: Այս ափիոնային դեղատեսակը դադրեցնելէ ետք ձեր մարմինը կրնայ կախուածութիւն ունենալ: Խօսեցէք ձեր բժիշկին հետ, եթէ կը զգաք, որ այս դեղատեսակի կարիքը աւելին է, քան` ցաւազերծումը:

Ամֆեթամիններ

Երբ բժիշկներ դեղագրեն խթանիչներ (stimulants), ինչպիսիք են` Adderall, Adderall XR, Dextroamphetamine եւ Mydasis ամֆեթամինները, անոնք կրնան օգնել ADHD ունեցող մարդոց: Բայց որոշ մարդիկ կ՛օգտագործեն ամֆեթամինները` ամպերու մէջ ըլլլալու, ներուժն ու զգօնութիւնը բարձրացնելու կամ իրենց ծանրութիւնը նուազեցնելու համար: Մեծապէս կարելի է կախուածութիւն յառաջացնել խթանիչներէ: Բարձր դեղաչափերը կրնան յանգիլ մարմնի ջերմաստիճանի վտանգաւոր բարձրացման, անկանոն սրտի բաբախումի եւ նոյնիսկ սրտի գործունէութեան անկման: Ամֆեթամիններու ծածկանուններէն են` «bennies», «black beauties» եւ «speed»:

Մեթիլֆենիտաթ

Այս մէկը նաեւ ADHD-ի խթանիչ դեղատեսակներէն է: Անոր անուններէն են` Concerta, Daytrana, Metadate, Methylin եւ Ritalin: Անոր ծածկանուններէն են` «MPH», «R-ball», «Skippy», «The smart drug» եւ «Vitamin R»: Եթէ դուք խթանիչներ կ՛առնէք, ապա զանոնք սովորական հակաարիւնազեղողներու (decongestant) հետ համատեղ առնելը կրնայ յանգիլ արեան վտանգաւոր գերճնշման կամ անկանոն սրտի բաբախումի:

Տեքսթրոմեթորֆան (DXM)

Խնդիրը միայն դեղագիրով դեղերը չեն: Տեքսթրոմեթորֆանը պաղառութեան եւ հազի դէմ առանց դեղագիրի տրուող դեղատեսակներու ամենատարածուած բաղադրիչն է, ան կ՛օգնէ հազը դադրեցնելու: Բայց մեծ չափաբաժինները կրնան ձեզ ամպերուն մէջ զգալ տալ եւ ցնորատեսութիւն (hallucination) յառաջացնել ձեր մօտ: Ան առկայ է դեռահասներու դեղերուն մէջ նաեւ` որպէս անոնց հազի տեսակաւոր օշարակներուն մէկ բաղադրիչը: Բարձր չափաբաժինները նաեւ կը յառաջացնեն փսխում, սրտի արագ բաբախում եւ հազուադէպ պարագաներու` ուղեղի վնաս:

Սոտոէֆետրին Pseudoephedrine

Ասիկա պաղառութեան դէմ առանց դեղագիրի տրուող բազմաթիւ դեղերու մէջ պարունակուած հակարիւնազեղողն է (decongestant): Հակառակ որ ան կ’օգնէ մաքրելու «գոց» քիթը, ան նաեւ անօրինական մեթամֆեթամինի մէկ բաղադրիչն է: Մեթի չարաշահումը զսպելու համար Միացեալ Նահանգներու օրէնքներն այժմ կը վերահսկեն Սոտոէֆետրինի սպառումը: Ահա թէ ինչո՛ւ պաղառութեան որոշ դեղեր տեղադրուած են դեղարաններու վաճառասեղաններուն ետեւը:

————-

(1) Քունի առողջաբանութիւն.- Ամէն գիշեր լաւ քնանալու համար ձեր լաւագոյն դիրքն ու ժամանակը ընտրելը:

Աղբիւր` WebMD

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Կին Արմատը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.