Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Զինուած Ուժերը Ասկերանի Շրջանի Փառուխ Գիւղին Ուղղութեամբ Խախտած Են Շփման Գիծը

March 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

24 մարտին, ժամը 16:00-ի դրութեամբ, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ խախտած են շփման գիծը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը:

Պաշտպանութեան բանակի եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչները կը փորձեն բանակցութիւններու միջոցով կասեցնել թշնամիի հետագայ յառաջխաղացումը եւ զայն վերադարձնել ելման դիրքեր:

«Կը յայտնենք, որ անվտանգութեան նկատառումներէ մեկնելով` այս պահուն տարհանուած են Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքի կիները եւ երեխաները:

«Կը յորդորենք բնակչութիւնը պահպանելու հանգստութիւն, շփման գիծի միւս բոլոր հատուածներուն մէջ իրավիճակը այս պահուն կայուն է»,  նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Արցախի տեղեկատուական շտապը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ «այս պահու դրութեամբ խաղաղապահները կը գտնուին իրենց յենակէտերուն մէջ, եւ բանակցութիւնները կը շարունակուին»:

Երէկ երեկոյեան, աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտապը տեղեկացուց, որ ազրպէյճանական զինուած ուժերու շարժը Արցախի տարածքին մէջ կասեցուած է, սակայն թշնամին տակաւին չէ վերադարձած ելման դիրքերը:

Հայաստանի Արտաքին Գործոց
Նախարարութիւնը Կ՛ակնկալէ…

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է յայտարարութիւն մը Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան պատասխանատուութեան գօտիին մէջ 24 մարտին Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծը խախտելու եւ Արցախի Փառուխ գիւղ ներխուժելու առնչութեամբ` ակնկալելով, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրքերը, որոնց պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տեղի ունեցած է սադրանքը, միջոցներ պիտի ձեռնարկեն, որպէսզի Ազրպէյճանի զօրքերը անյապաղ վերադառնան ելման դիրքեր եւ անշեղօրէն պահպանեն 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ այս գործողութիւններուն նախորդած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախը սնուցող միակ կազատարի աշխատանքի ամբողջական խափանումը, մեծ տրամաչափի զինատեսակներէ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը, արցախահայութիւնը ահաբեկող սպառնալիքները եւ ցեղային զտման ուղղուած այլ քայլեր: Աւելցնելով, որ Եւրոպայի մէջ անվտանգային իրավիճակի կտրուկ սրման հետ զուգահեռ, Պաքուի նմանօրինակ գործողութիւնները լրջօրէն կը վտանգեն շրջանային կայունութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

Զախարովա Անդրադարձած Է
Դէպքին…

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղին ուղղութեամբ ազրպէյճանական զինուած ուժերու վերջին սադրանքին վերաբերեալ հարցին:

Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Զախարովա նախ նշած է, որ դէպքը պէտք է գնահատեն այնտեղ գտնուող խաղաղապահ ուժերը:

«Ես կը կրկնեմ այսօր ըսուածը` արդէն լարուած իրավիճակը ոչ մէկ գործողութեամբ պէտք է սրի», նշեց ան:

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է Արցախի Մէջ Կազի Մատակարարման Խափանումներով

Յաջորդը

Հիւսիսային Մեթնի Մէջ Յայտարարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Միշել Մըրի Ընտրական Դաշինքը. ՀՅԴ-ի Թեկնածու Յակոբ Բագրատունի Մաս Կը Կազմէ «Միասին` Հզօր» Ցանկին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.