Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան նիստերուն ընթացքին արծարծուող ընկերային եւ կենցաղային հարցերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Միքաթի, որ այսօր պիտի մեկնի Քաթար, նախագահ Աունին ներկայացուց այդ այցելութեան նպատակները, իսկ նախագահ Աուն իր կարգին վարչապետին ներկայացուց Վատիկան իր կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Նշենք, որ Միքաթի Տոհայի մէջ պիտի մասնակցի խորհրդաժողովի մը, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ քաթարցի պատասխանատուներու հետ` քննարկելու համար տնտեսական եւ քաղաքական թղթածրարներ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններ Ուքրանիոյ մէջ արձանագրուելիք զարգացումները, Լիբանանին օժանդակելու ֆրանսական եւ Ծոցի երկիրներուն ջանքերն ու Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ գործակցութեան հեռանկարները:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆերիին` լիբանանեան-սպանական յարաբերութիւնները ամրապնդելու համար:


