Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 411 վարակուածներ եւ մահացած 4 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 25.350 լ. ոսկիի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 25.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 26.000 լ. ոսկիով, մազութը` 42.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 19.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինին սակը 459.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը`  470.000 լ. ոսկի, մազութը` 522.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 319.000 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ֆայեատ յայտնեց, որ Սալամէ յանձնառու կը մնայ, որ նաւթ ներածող ընկերութիւնները «Սայրաֆա» հարթակին ճշդած փոխարժէքին հիման վրայ ամերիկեան տոլար ստանան` աւելցնելով, որ պենզինը կայարաններուն յանձնելու ոչ մէկ հարց գոյութիւն ունի: Կը նախատեսուի, որ այսօր պենզինի կայարանները իրենց դռները վերաբանան:

ՑՈՒՐՏԻ նոր ալիք մը սկսած է հարուածել Լիբանանը: Ցուրտի նոր ալիքին ուժգնութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ կիրակի օր: Կը նախատեսուի, որ ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնէ եւ տեղատարափ անձրեւներ արձանագրուին:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Զիատ Մքերի այցելեց Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի կեդրոնատեղին, ուրկէ հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ կայանին տնօրէն խորհուրդ մը նշանակելու: Ան խոստացաւ, որ նախարարութեան իր պաշտօնին ընթացքին մշակէ տեղեկատուութեան մարզը զարգացնող յստակ եւ ամբողջական ծրագիր մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Մըլհեմ Ռիաշի, որ կը գտնուի Սէուտական Արաբիա, յայտնեց, որ հիւսիսային Մեթնի մէջ ինք բոլոր համայնքներուն թեկնածուն է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանը կը փրկուի միայն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարած չէզոքութեան կեցուածքով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ կառավարութիւնը տայ յանդուգն որոշումներ, որոնք քաղաքացիին շահերուն կը ծառայեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին, ապա իր որոշումն է ներկայանալ իբրեւ անկախ թեկնածու` 2018-ին առաջադրուած նոյն դաշինքի ընտրացանկին վրայ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը զգուշացնէ կեղծուած փաստաթուղթերու գործածութենէն` անցագիր առնելու նպատակով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պրիթելի եւ Հորթաալայի մէջ կատարեց ներխուժումներ` որոնելու համար դատական իշխանութիւններուն կողմէ բերման ենթարկուելու հրամանագիրներ ստացած յանցագործներ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը ոտնձգութիւններ կատարեց լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն փոխարինողի մը փնտռտուքը սկսած է` ամերիկեան եւ ֆրանսական ծածկով:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, տակաւին կանուխ է խօսիլ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապին ամբողջական ու արմատական լուծման մասին:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Եթէ Չեն Մարել Կամքն Ու Վճռականութիւնը

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Վստահ Ենք, Որ Լիբանան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Լաւագոյն Ձեւով Պիտի Կարենայ Կատարել` Երկրին Ապահովելով Աւելի Լաւ Ապագայ Մը»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.