Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանի ՀՄԸՄ-ականի Մը «Երազը» (Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին)

March 25, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԱՆԴ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ

Փոքր տարիքէս կը ճանչնամ եղբ. Յովսէփ Մարգարեանը` ամմօ Զուզը, եւ մենք նոյն շէնքի դրացիներ էինք: Բոլորս`թաղի տղաքը, գիտէինք, որ ան «կարեւոր» ՀՄԸՄ-ական պատասխանատու էր:

Տարիքի բերումով, երբ դարձայ պատանի, սկսայ աւելի մօտէն հետեւիլ ֆութպոլի: Շատերու նման` ես ալ դարձայ ՀՄԸՄ-ի թունդ համակիր, մանաւա՛նդ իննսունական թուականներուն, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը Լիբանանի մէջ ապրեցաւ իր փառքի օրերը, նոյնիսկ եթէ երբեք Լիբանանի ախոյեան չպսակուեցաւ:

Այդ շրջանին հայրս գործի պատճառով ընդհանրապէս երկրէն բացակայ էր եւ կը մնար Կիպրոս:  Եղբ. Զուզ սիրայօժար զիս հետը կը տանէր ֆութպոլի խաղերուն: Չէք կրնար երեւակայել, թէ ինծի համար ի՛նչ մեծ պատիւ էր անոր հետ դաշտ երթալ: Ամէն մէկ քայլափոխին, աջէն ու ձախէն` բարեւներ, հարցումներ խումբին մասին, թեքնիք որոշումի մը քննարկում, մտահոգ համակիրներու կարծիքներ, քննադատութիւններ` այս կամ այն որոշումին մասին, եւ այս բոլորին եղբ. Զուզ պէտք էր պատասխանէր, կարծիք տար, ընդունէր կամ չընդունէր, կամ հակասէր ու այս բոլորը` ի շահ մեր միութեան եւ համակիրներուն:

Անգամ մըն ալ առիթ ունեցած եմ անոր հետ երթալու ճաշարան «Շահպազ»` եղբ. Ճոքիին մօտ, ուր մարզիկները կը հաւաքուէին խաղէն առաջ` ճաշի. ի՜նչ մեծ ուրախութիւն էր ինծի համար:

Եւ այսպէս, ինծի եւ շատ մը տարեկիցներուս համար, ՀՄԸՄ-ի խումբը հանդիսացաւ ոչ միայն ժամանց կամ հաճոյք, այլ նաեւ` մեր կեանքի կարեւորագոյն նպատակը: Խումբին յաղթանակը մեր յաղթանակն էր, իսկ պարտութիւնը մեր ցաւն էր:

Ամառները կամ ընդհանրապէս երբ դպրոցը փակ ըլլար, կ՛երթայինք Կիպրոս` հօրս մօտ: Հոն, տեղւոյն ֆութպոլի սիրահար ընկերներուս հետ ես ալ կը հետեւէի Կիպրոսի ախոյեանութեան, հետեւաբար ես ալ կիպրահայ ընկերներուս նման` դիրքորոշուեցայ ու դարձայ «Օմոնիա» խումբին համակիր: Կ՛արժէ ըսել, որ այդ նաեւ եղաւ իմ առաջին քաղաքական դիրքորոշումս:

Մայրաքաղաքին մէջ կային երկու մեծ խումբեր` «Օմոնիա» եւ «Ափոէլ», մէկը ձախակողմեաններուն խումբն էր, իսկ միւսը` աջակողմեաններուն: Ես, բոլոր պարտաճանաչ համակիրներուն նման, գնեցի խումբին շապիկը, գլխարկը եւ վզկապը: Սկիզբը վզկապի գործածութիւնը քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ, որովհետեւ Կիպրոսի կլիման ընդհանրապէս մեղմ էր` ճիշդ Լիբանանի նման: Բայց կարճ ատեն մը ետք համոզուեցայ, որ համակիրներուն համար, իմ գնած երեք ապրանքներէս ամէնէն գործնականն էր վզկապը, որովհետեւ ոչ հագուստ փոխելու պէտք կար, ոչ ալ մազերը խանգարելու: Դաշտ երթալու համար միայն վզկապը կը դնէինք եւ վերջ:

Ես այս վզկապի գաղափարին այնքան համոզուեցայ, որ սկսայ վզկապերու հաւաքածոյ ունենալ հոն ծախուող զանազան եւրոպական խումբերու, մանաւանդ որ Կիպրոս մաս կը կազմէր Եւրոպայի ֆետերասիոնին` EUFA-ի, ուր բոլոր երկիրներէ խումբեր կու գային Europa League եւ Champions League-ի զտումի խաղեր խաղալու:

Տարի մը, երբ ամառնային արձակուրդս աւարտեցաւ, ես վերադարձայ Լիբանան, ունէի մէկ «երազ», այն, որ ՀՄԸՄ-ը ըլլայ Լիբանանի առաջին խումբը` եւրոպական խումբերուն նման եւ ունենայ իր խումբին վզկապը: Գաղափարս ներկայացուցի ամմօ Զուզին, մտիկ ըրաւ, հարցումներ ուղղեց, իրեն ցոյց տուի զանազան խումբերու վզկապերը եւ վերջապէս իրեն տուի «Օմոնիա»-ի վզկապս, որ հետը տանի ու ցոյց տայ միւս պատասխանատուներուն:

Ժամանակ մը ետք, օր մը եղբ. Զուզ զիս կանչեց իր տունը: Ինչպէս միշտ, ուրախ մթնոլորտի մէջ զիս հիւրընկալեց, ապա աւետեց այն լուրը, որ «Օմոնիա»-ի վզկապս պիտի չվերադարձուէր, սակայն անոր փոխարէն տուաւ ինծի համար ամէնէն մեծ նուէրը` ՀՄԸՄ-ի երկու վզկապեր` մէկը կարմիր, միւսը` կապոյտ: Ուրախութիւնս անսահման էր: ՀՄԸՄ-ի առաջին վզկապ ունեցողն էի եւ յաջորդ օրը վիզս դրած` դպրոց գացի:

Տարի մը առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ եղբ. Յովսէփ Մարգարեանը: Երբ այս դրուագին մասին կը մտածեմ եւ 25 տարիներ ետք կը գրեմ, ունիմ նոյն հոգեկան գոհունակութիւնը: Ո՛չ վզկապին համար, ո՛չ ալ մեր ֆութպոլի խումբին արդիւնքներուն համար, այլ հոգիս ուրախ է  որովհետեւ եղբ. Զուզին եւ իր սերնդակից պատասխանատուներուն հաւատքին եւ աշխատանքին շնորհիւ` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը ինծի ու ինծի նման հազարաւոր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ընծայեց մաքուր միջավայր, ազնիւ հետաքրքրութիւններով լեցուն, որպէսզի չմոլորինք:

Իբրեւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ եւ ատենապետ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ ու ատենապետ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ` եղբ. Յովսէփ Մարգարեան նուիրեց իր կեանքին մեծ մասը, իր թանկագին ժամանակը, իր բարոյական եւ նիւթական ներդրումը կատարեց, որովհետեւ կը հաւատար, որ ՀՄԸՄ-ի ճամբով սերունդներ պիտի կերտուին, երիտասարդներ պիտի կազմաւորուին ազգային շունչով, եւ անոնց մէջ պիտի զօրանայ պատկանելիութեան զգացումը:

Այո՛, ամմօ Զուզին շնորհիւ` իմ պատանեկան «երազս» իրականացաւ, բայց այսօր ես այս տողերով կ՛ուզեմ իմ սերնդակիցներուս եւ իմ անունով վկայել, որ ինք լիովին կատարեց իր նուիրեալ գործը, որուն համար յաւերժ երախտապարտ ենք:

 

 

Նախորդը

Նամակ` Հեռուներէն (Կրեկուար Գէորգեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Արմէնը Կեանք Էր… (Արմէն Թագւորեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.