Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. «Ոչ Ոքի Համար Շահեկան Է, Որ Լիբանան Շարունակէ Գոյատեւել Միջազգային Եւ Շրջանային Ընտանիքներէն Մեկուսացուած Վիճակի Մէջ» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

March 23, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Եգիպտոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայյիպի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ազհարի շէյխը նշեց, որ ինք կը հետեւի Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն, եւ ցաւ յայտնեց Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան համար:

Հանդիպումին ընթացքին Ազհարի շէյխն ու Ռայի պատրիարքը կարեւոր նկատեցին դերակատարութիւնը կրօններուն, որոնք կը միացնեն երկու ժողովուրդները եւ որոնք խաղաղութիւն կը տարածեն անոնց շարքերուն մէջ:

Անոնք հաստատեցին նաեւ ամէն տեսակ բռնարարքի, սպանութեան, պատերազմի, ծայրայեղութեան եւ արմատականութեան վերջ դնելու անհրաժեշտութիւնը:

Ռայի պատրիարքը փափաք յայտնեց, որ Ազհարի շէյխը այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ ինք այդ այցելութեան մանրամասնութիւններուն պիտի հսկէ պատասխանատուներուն հետ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Ազհարի շէյխին Լիբանան այցելութիւնը պիտի ըլլայ առիթ մը տարածելու եւ աշխուժացնելու համար մարդկային եղբայրութեան ուխտը` Լիբանանի եւ շրջանին մէջ:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ` ներկայութեամբ անոր օգնականին` Հուսամ Զաքիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն ու անոր նկատմամբ Արաբական լիկայի դերակատարութիւնը` նկատի ունենալով, որ Լիբանան Արաբական լիկայի հիմնադիր եւ աշխուժ անդամ է:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ոչ ոքի համար շահեկան է, որ Լիբանան շարունակէ գոյատեւել միջազգային եւ շրջանային ընտանիքներէն մեկուսացուած վիճակի մէջ:

Ան բարձր գնահատեց Արաբական լիկային կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդրութիւնը եւ լիբանանցիներուն նեցուկ կանգնելու տրամադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի արաբական ինքնութեան կառչած մնալու յանձնառութիւնը:

Իր կարգին, Ապուլ Ղէյթ ողջունեց Ռայի պատրիարքին այցելութիւնը Գահիրէ եւ Արաբական լիկայի կեդրոնատեղի` բարձր գնահատելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անոր դերակատարութիւնը:

Ապուլ Ղէյթ համաձայն գտնուեցաւ Ռայի պատրիարքի կեցուածքին` շրջանային տագնապներէն Լիբանանը չէզոք պահելու առումով, որպէսզի ան կարելի ըլլայ պաշտպանել իր կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովել անոր դիմաց տնտեսական ապաքինման դռները բանալու կարելիութիւնը:

 

 

 

Նախորդը

Հայկական Զօրամասը Կը Մասնակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Կազմաւորման 44-րդ Տարեդարձին

Յաջորդը

Միքաթի Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին Ճիգ Թափելու, Որպէսզի Լիբանանի Դէմ Ամէնօրեայ Դրութեամբ Գործուող Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Կասեցուին

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.