Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը` Ալիեւի Եւ Փաշինեանի Միջեւ

March 23, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Յանկարծ Հայաստան-Թուրքիա խօսակցութիւնները կը թուին մղուած ըլլալ երկրորդ գործատարածք, եւ Հայաստան կը դիմագրաւէ ազրպէյճանական ուժերու նոր ոտնձգութիւնը ՀՀ սահմանային գիծերուն վրայ: Հարց պէտք է տալ, թէ ի՞նչ ռազմավարական դրդապատճառներ կը գործեն Պաքուի այս նախայարձակ (aggressive, ագրեսորական) շարժումներու ետին: Եւ ինչո՞ւ այս քուլիսային խժալուռը Փաշինեան-Ալիեւ հաւանական խօսակցութիւններու առկայութեան մասին եւ Արցախի կարգավիճակը ճշդելու գաղտնի օրակարգով:

Բնականաբար պէտք է խուսափիլ հրապարակը շարունակաբար ողողող տարաձայնութիւններու քաոսէն: Բայց նաեւ կարեւոր է մեծագոյն զգաստութեամբ հետեւիլ իրերու ընթացքին, եթէ նոյնիսկ տարածաշրջանի հարթակը անհրաժեշտ չափով թափանցիկ չէ եւ տեղեկոյթը` ժլա՛տ:

Ես համոզուած եմ, որ այսօր Արցախի հարցի ետին Հայաստանի անկախ պետականութեան իրողական տէ ֆաքթօ կարգավիճակի հարցն է, որ կը վճռուի: Արցախի տարածքային ամբողջականութեան եւ Արցախի իրաւավիճակի վէճերուն ետին ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ գոյութենական խնդիրն է, որ ամէնէն սուր ձեւով դրուած է տարածաշրջանի սակարկութիւններու սեղանին վրայ:

Այսօր հետեւեալն է ուժերու դասաւորումը Կովկասի մէջ.

Ա.- Հակառակ վարչապետ Փաշինեանի եւ եւրոպացի դիւանագէտներու կիրթ խօսոյթին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբը էապէս բացակայ է այս կէտին վրայ եւ ինքնաբերաբար Արցախի հարցը «պատուիրակուած» է Ռուսիոյ: Այս է մերկ իրականութիւնը, քանի որ Արեւմուտքի ուժերու օրակարգին վրայ, Արցախը այլեւս տեղ չունի:

Բ.- Մոսկուան կը շարունակէ վարել իր մեղսակից (Ալիեւին ի նպաստ) կրաւորականութիւնը` հիմնուած Ալիեւի խորքային յարաբերութիւններուն վրայ Մոսկուայի establishment-էն ներս: Ալիեւ կրցած է «գրաւել» Մոսկուան եւ փակել հայ դիւանագիտութեան ճանապարհները դէպի Մոսկուա: Այս երեւոյթը աւելի եւս շեշտուած կը թուի Ռուսիա-Ազրպէյճան վերջին համաձայնագրի ստորագրուելէն ի վեր:

Գ.- Բացայայտօրէն կրաւորական հեռաւորութենէ մը կը գործէ նաեւ Իրանը: Այս վերջինը յստակօրէն փոխած է իր վերաբերմունքը Արցախի հարցին նկատմամբ: 44-օրեայ պատերազմի մեր պարտութիւնը քարուքանդ ըրաւ ՀՀ դիրքերը Իրանի մէջ եւ այլուր: Իրան կը փորձէ նոր խաղաքարտերով գործել տարածաշրջանին մէջ եւ հետեւաբար կը փնտռէ նոր ու աւելի պիտանի բնական դաշնակիցներ: Մենք այլեւս այդ պայմանը չենք լրացներ, եւ Փաշինեանի քաղաքականութիւնը ոչինչ տուած է ցարդ այս ճակատը վերականգնելու համար:

Դ.- Իսկ Թուրքիա, որ այժմ (Ուքրանիոյ պատերազմի բովին մէջ) դրուած է երկու քարի միջեւ եւ կը փորձէ կառչիլ իր տարածաշրջանային լծակներուն, ակնյայտօրէն կը ջանայ Ազրպէյճանը մղել յատուկ դերակատարութեան մը` Հայաստանի վրայ պահպանելու համար թուրքեւազրպէյճանական հզօր հակակշիռը:

Այս կացութեան մէջ, առայժմ գէթ, Ալիեւ կը թուի գործել բաւական դիմացկուն «սպիտակ թուղթ»-ով (carte blanche) մը Հայաստանի նկատմամբ: Յանկարծ իր ձեռքերը ազատ են, եւ ինք վճռած է վայրկեանը չմսխել: Պարզ խօսքով, Հայաստան դրուած է տէ ֆաքթօ «մարզպանական» դիրքերու վրայ, թէկուզ` միջազգային տէ ժիւրէ կարգավիճակով:

Տարածաշրջանի ներկայ աշխարհաքաղաքական դրուածքով (եւ յատկապէս Ուքրանիոյ պատերազմով ճշդուած ռուսական նոր առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ), «արքայ»-ն այսօր Ազրպէյճանն է, իսկ «արքայից արքան»` Մոսկուան®Այս երկու «արքայ»-ական ուժերու (յաճախ հակադիր) շահերն են, որոնք պիտի ճշդեն, թէ պատանդային կարգավիճակի ո՞ր աստիճանին վրայ պիտի գործէ վաղուան Հայաստանը եւ ի՞նչ կառավարութեամբ: Տարածաշրջանի կացութեան «ինքնահոս»-ը այստեղ է, որ կ՛առաջնորդէ մեր պետականութիւնը այսօր, եւ Փաշինեանի կառավարութիւնը անքակտելի մասն է այդ տարերային «ինքնահոս»-ին:

Հետեւաբար պարզ է, որ մեր այս փակուղային կացութիւնը կը կարօտի ամէնէն արմատական վերաձեւակերպման: Մեր ազգային առաջնահերթութիւնն է այսօր կասեցնել «ինքնահոս»-ը: Կասեցնել ներքին արիւնահոսութիւնը: Սանձերը վերստին առնել մեր ձեռքը: Ազգի՛ն ձեռքը:

Այս նուաստացուցիչ կացութենէն կարելի է դուրս գալ: Այս նուաստացուցիչ կացութենէն մեր երկիրը կրնայ դուրս գալ միայն, երբ Հայաստանի ընդդիմութիւնը նոր խիզախութեամբ եւ նոր վարդապետութեամբ ու նոր միասնականութեամբ վերցնէ ձեռնոցը եւ Հայաստանի քաղաքական բեմէն անյապաղ դուրս դնէ ներկայ իշխանութիւնը եւ միաժամանակ շուռ բերէ տարածաշրջանի խաղատախտակը:

Ներկայ իշխանութիւնը եւ տարածաշրջանի այս ականուած խաղատախտակը նոյն անկումային իրականութեան մաս կը կազմեն: Մեր երկրին պարտադրուող նոյն գահավիժային փլուզումն է, որ պէտք է անպայման կասեցուի: Եւ կասեցուի ամէնէն արտակարգ եւ հակաճգնաժամային միջոցներով: Ազգը պիտի կանգնի որպէս ազգ եւ ընէ, այն ինչ որ պէտք է իր հօր ժառանգութիւնը վերստին կարենալ շահելու համար:

Կրկնե՞նք, որ չունինք ժամանակի թանկ հաճոյքը: Կրկնե՞նք, որ Հանիպալը հասած է մեր դռներուն: Կրկնե՞նք, որ նժարի վրայ է մեր ողջ ոգեկան հարստութիւնը: Մեր կեանքի նպատակը: Մեր մարդկային արժանավայելչութի՛ւնը:

Եւ կրկնե՞նք, որ վաղուց անցած է խօսքի ժամանակը, եւ մեր ժողովուրդը զզուած է այլեւս լսելէ եւ կը պասէ գործի ազդանշանին:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Անթալիայէն Արցախ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.