Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանական Տագնապ, Շահախնդրութիւններ, Քիչ Մը Աւելի Մօտը Կամ Հեռուն

March 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Մտահոգիչ է Ուքրանիոյ կացութիւնը. պատերազմ եւ քաղաքացիներու դժբախտացում: Համաշխարհային զօրաշարժ կայ: Լրատուամիջոցներ կը խօսին աւերի եւ գաղթականներու մասին:

Արցախեան պատերազմի օրերուն, երբ ժողովուրդի մը հայրենիքը կը բռնագրաւուէր, հազարաւոր զոհեր կային, եւ` հայրենահանուած գաղթականներ, քաղաքակիրթ աշխարհը կացութիւնը դիտեց մատներու արանքէն: Եւրոպան եւ Ամերիկան հազիւ տիրացուական խօսք ըսին:

Քաջ մտածողներ եւ քաղաքական դէտեր կան, որոնք կը զարմանան քաղաքական վարիչներու եւ` լրատուամիջոցներու` Ուքրանիոյ հարցին դիմաց անոնց ունեցած ընտրովի հակազդեցութիւններէն, երբ Արեւմուտքը 2020-ի աշնան քար լռութիւն պահած էր թուրք-ազերի ուժերու Արցախ ներխուժման պարագային: Այս ըսող քաջ լրագրողներ կան: Վկայութիւններ կան, որ այդ օրերուն տեղի ունեցան պատերազմական ոճիրներ` կրօնական մոլեռանդութեան բնոյթով. գլխատումներ, ռազմագերիներու նուաստացում: Քաղաքակիրթ աշխարհը մնաց հանդիսատես եւ բարեսէր: Եզրակացնե՞նք, որ մարդու իրաւունք, արդարութիւն, քաղաքակրթութիւն եւ կրօնական ազատութիւններ պէտք է պաշտպանել ըստ քարտէսի վրայ անոնց դիրքին:

Թերեւս անտեղի համարուի յիշեցնել, որ Ուքրանիան թուրք-ազերի նախայարձակներուն տուած էր ֆոսֆորային ռումբեր, որոնք հարուածեցին Արցախը, այրեցին անտառներ: Այսօր ինք ալ գացող-եկող պատեհապաշտ Էրտողանի մեծպետական փառասիրութեան զոհը չէ՞: Կարելի չէ չափսոսալ ուքրանացիներուն դժբախտութիւնը, եւ հարց չտալ, թէ ինչպէ՞ս կացութիւնը հասաւ փտախտի: Եւ ճշդել պատճառները: Կանխել` այլ հարց է արդէն:

Պատերազմը կը սպասուէր, նախատեսուածը սահմանային կռիւ չէր: Նկատի առնելով տնտեսական եւ ռազմավարական շահեր, նաեւ` միջազգային հաւասարակշռութեան հրամայականներ, ան անհաւանական կը թուէր: Բայց քաղաքականութիւնը սոսկ տրամաբանութիւն եւ տնտեսութիւն չէ, կը հպատակի նաեւ ցեղային, կրօնական, մշակութային եւ կայսերական ենթակայական ազդակներու:

Եւրոպան, եւ ընդհանրապէս` Արեւմուտքը, ռազմավարական շահեր հետապնդելով, ժամանակակից Ռուսիոյ մէջ տեսնելով ցարական եւ խորհրդային կայսերական հակումներ, մնացին ինքնապաշտպանութեան դիրքի վրայ, քաջալերեցին Ուքրանիոյ արեւմտականանալու ցանկութիւնը, որ կը նշանակէր Ռուսիոյ եւ անոր սլաւոնական քաղաքական ծիրէն դուրս գալ:

Խորհրդային հզօրութեան հոգեբանական կացութեան մէջ մնալով` Ռուսիա կ’ուզէ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու հաւասարը, ըլլալ ցարական-խորհրդային շարունակութիւն եւ հզօրութիւն վերականգնել: Պալթեան երեք երկիրներու ընդգրկումը արեւմտեան ճամբարի մէջ անընդունելի էր Ռուսիոյ համար, բայց անոնք ծանր չէին կշռեր: Ուքրանիոյ նոյն ընթացքը սպառնական էր, այդպէս կը դիտուէր Մոսկուայի կողմէ, քանի որ ան իր ընդարձակութեամբ Ֆրանսայի մէկուկէս անգամն էր` իր 44 միլիոն բնակչութեամբ:

2014-էն ի վեր Ռուսիա կը հետապնդէ իր անցեալի սահմաններու վերականգնումի քաղաքականութիւն` հակազդելով իր ապահովութեան սպառնացող եւ իր հեղինակութիւնը արգելակող միտումներու, իր սահմաններուն վրայ Ատլանտեան ուխտի հետզհետէ աճին: 2016-ին, Խրիմի` Ռուսիոյ կցումէն ետք, փտախտ դարձած էր Ուքրանիոյ հարցը, որուն արեւելեան սահմանին վրայ ռուսախօս շրջան Տոնպասը ըմբոստացած էր Քիեւի դէմ: Մոսկուան ճանչցաւ 60.000 քառ. քմ տարածութեամբ Տոնպասի անջատումը եւ ինքնորոշումը:

Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը ծանօթ էր, եւ շղթայազերծուած պատերազմը կը նախատեսուէր յունուար 2021-էն ի վեր, եւ շեշտուած կերպով` վերջին ամիսներուն: Ռեճեփ Էրտողան Ուքրանիոյ պաշտպանի պղտոր դերով հանդէս եկաւ պատերազմը նախորդող օրերուն եւ նպաստեց անոր նախապատրաստութեան` տրամադրելով «Պայրաքտար» անօդաչու սարքեր, որ Ռուսիոյ կողմէ չէր կրնար չդիտուիլ որպէս գրգռութիւն:

Թուրքիա, մնալով հանդերձ արեւմտեան ճամբարի մէջ, կը գործակցի Ռուսիոյ. պատեհապաշտական երկդիմի ընթացք: Արեւմուտքի դաւանած ժողովրդավարութիւնը եւ մարդկային իրաւունքը Թուրքիոյ համար առաջադրանք չեն, չեն եղած: Ան կը հետապնդէ իր ծաւալապաշտական համաթուրանական քաղաքականութիւնը, որ ոչ ոքի համար գաղտնիք է. Եգէականէն Չինաստան:

Թուրքիա կը փորձէ ամերիկեան իշխանութիւններու խաղին մէջ ներառուիլ եւ ընդունուիլ որպէս հաւասար դերակատար, գտնուիլ մեծերու ակումբին մէջ: Ֆրանսայի նախագահին դէմ այնքա՜ն անպատշաճ արտայայտութիւններ ունենալէ ետք, հիմա Ուքրանիա կը պաշտպանէ` միշտ յետին միտք ունենալով համաթուրանականութիւնը: Ռուսիա ըստ արժանւոյն պիտի գնահատէ Էրտողանի ճապկումները. զօրակցիլ Ուքրանիոյ եւ նոյն ատեն չհակադրուիլ Ռուսիոյ: Էրտողան 3 փետրուարին այցելեց Ուքրանիա, որ կը նշանակէր զօրակցութիւն, երբ կացութիւնը սրուած էր, ռուսական բանակ կար սահմանին վրայ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ:

Էրտողան կողմերուն հետ կը ձգտի ունենալ յարաբերութիւններ, ունենալ միջազգային դեր եւ միջնորդ ըլլալ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին մէջ: Կ’ըսէ. «Քով քովի բերելով երկու ղեկավարները (Փութինը եւ Զելենսքին) մեր երկրին մէջ, եթէ ուզեն, կրնանք ճամբայ հարթել խաղաղութեան հաստատման»: Յայտարարած էր, որ Ուքրանիա ներխուժում մը «Ռուսիոյ կողմէ պիտի ըլլար անտրամաբանական ընթացք մը»: Ռուսիա մերժեց  միջնորդութիւնը եւ յայտարարեց, որ Թուրքիա կը քաջալերէ Ուքրանիոյ «ռազմապաշտութիւնը»: Միջոցին, Թուրքիա Ուքրանիոյ յանձնեց զինեալ անօդաչու սարքեր (drones), որոնցմով Ազրպէյճանը յարձակած էր Արցախի վրայ, Ուքրանիա զանոնք գործածած էր Մոսկուայի աջակցութիւնը վայելող ռուսախօս Տոնպասի դէմ: Ուքրանիան հետեւելով «Պայրաքտար» սարքերու Արցախի դէմ 2020-ի Ազրպէյճանի յաջողութեան օրինակին, ստորագնահատեց ռուսական ուժը, խորհեցաւ, որ նոյնը կրնայ պատահիլ պատերազմի պարագային:

Թուրքիա քաջալերեց Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմը, ուզեց վարկ ապահովել յաչս Միացեալ Նահանգներու եւ ըլլալ միջազգային դերակատար: Էրտողան նախապէս, յունուարին, Ալպանիոյ մէջ ըսած էր, որ դէմ էր Ուքրանիա ռուսական ներխուժման: Տագնապէն ետք Ռուսիա անպայման պիտի յիշէ Էրտողանի ճապկումները, եւ սուրիական պատերազմի ընթացքին հաստատուած գործակցութիւնները վերջ կրնան գտնել: Անոնք չեն կրնար տեւել, քանի կան Սուրիոյ, Լիպիոյ, միջինարեւելեան, կովկասեան եւ Կեդրոնական Ասիոյ տագնապները:

Թուրքիա մինչեւ ե՞րբ կրնայ խաղալ. մնալ Ատլանտեան զինակցութեան մէջ եւ զէնք գնել Ռուսիայէն: Պէտք չէ մոռնալ պատմութիւնը եւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւնները. Թուրքիա եւ Ռուսիա յաճախ պատերազմած են. նեղուցներու հակակշիռը եւ դէպի Միջերկրական ելքը միշտ խնդրայարոյց են: Կայ նաեւ Խրիմը, Թուրքիա չէ ընդունած անոր կցումը Ռուսիոյ, առաւել նաեւ` Խրիմը անցեալին եղած է թաթարներու խանութիւն, հետեւաբար` թրքական տարածք: Այժմ թաթարներ վերադարձած են Խրիմ, անոնք ներկայիս 250.000 են, բնակչութեան 12%-ը: Թուրքիա եւ Ուքրանիա համագործակցած են թաթարներու վերադարձին համար: Համաթրքական ծրագիր հետապնդելով` Թուրքիա թաթարները կը պաշտպանէ, կ’ուզէ, որ անոնց պաշտպան Ուքրանիան Ատլանտեան զինակցութեան անդամ դառնայ:

Ռուսիա հաշտ աչքով չէ դիտած Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ համագործակցութիւնը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի զէնքի արտադրութեան (անօդաչու սարքեր):

Երէկ սկսան Ռուսիա-Ուքրանիա բանակցութիւնները: Ռուսական պահանջը յստակ է. Ուքրանիա զինաթափ պէտք է ըլլայ: Նման եզրակացութիւն կրնա՞յ վերջ տալ Թուրքիա-Ուքրանիա համագործակցութեան եւ Ատլանտեան զինակցութեան մաս կազմելու Ուքրանիոյ ցանկութեան:

Եւրոպան կը հետապնդէ ժողովրդավարութիւն եւ մարդու իրաւունք, Ռուսիան կը միտի իր կայսերական սահմանները վերականգնել եւ բիւզանդական-ուղղափառ տարածքի իր գերակայութիւնը հաստատել, իսկ Թուրքիա անթաքոյց կերպով կը ձգտի Եգէականէն Չինաստան համաթուրանական կայսրութիւն ստեղծել:

Այս եռանկիւնին մէջ դեռ չկան Հնդկաստանը եւ Չինաստանը, որոնք աշխարհի բնակչութեան 1/3-ը կը ներկայացնեն: Յառաջիկայ տարիներուն ի՞նչ պիտի ըլլայ ուժերու դասաւորումը, երբ գիտենք, որ այդ ուժը միայն երկու մեծերու հակակշռին տակ չէ, կան այլ փառասիրութիւններ ալ, որոնք ունին աւերելու մեծ կարողութիւն:

Ուքրանիոյ տագնապը Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ համար նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ. աշխարհ կը վերադառնա՞յ նոր անունով Պաղ պատերազմի վիճակին: Դեռ խաղին մէջ չկան` Չինաստանը, Հնդկաստանը, Փաքիստանը, Հիւսիսային Քորէան:

Կայսերական ախորժակները եւ հոլովուող մարդկայնական սկզբունքները գերանցելով` յիշենք Ալպեր Այնշթայնի սարսափելի միտքը` պատերազմի եւ գլխագրուած Պատերազմի մասին: Ան ըսած է. «Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ երրորդ համաշխարհային պատերազմը, բայց գիտեմ, թէ ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ չորրորդը. գաւազաններով եւ քարերով»:

Կը հասկցուի՞ ըսուածը: Իշխանատենչութիւն եւ ծաւալապաշտութիւն մարդկութիւնը պիտի վերադարձնե՞ն նախամարդու վիճակին:

Զօրավարներու եւ կեղծ-իրաւ խաղաղութեան բանագնացներու սեղանին պէտք է դնել Այնշթայնի սարսափելի խօսքը:

1 մարտ 2022, Փարիզ

 

Նախորդը

Լիբանանի Թեմի Ուսումնական Խորհուրդն Ու Ազգային Վարժարանները Ներկայացնող Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Նշմար. Կենսունակ Պուրճ Համուտը Եւ Մեր Հիանալի Ժողովուրդը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.