Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` յատուկ կարիքներ ունեցող անձերու հարցերով խորհրդական Սարա Մընքարան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ յատուկ կարիքներ ունեցող անձերուն պարզած իրավիճակը` ընդգծելով անոնց կացութիւնը բարելաւելու եւ զանոնք լիբանանեան հասարակութեան մէջ համարկելու կարեւորութիւնը:
Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը` ընկերակցութեամբ «Եօթներու խմբակ»-ի երկիրներու դեսպաններու պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլ, Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտ, Քանատայի դեսպան Շանթալ Շեսթընէյ, ֆրանսական դեսպանատան տնտեսական ծառայութեան շրջանային բաժանմունքի պատասխանատու Ֆրանսուա տիւ Ռիքոլֆի, իտալական դեսպանատուն գործակատար Ռոպերթա տի Լիչի եւ Լիբանանի` Եւրոպական Միութեան հետ «Եօթներու խմբակ»-ի պատուիրակութեան փոխնախագահ Ալիշիա Սքուարսելա:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վրայ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին ունենալիք հետեւանքները, ինչպէս նաեւ միջազգային հաստատութիւններուն հետ աշխատանքային դրութիւնը:
Պու Հապիպի այցելեց նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նոր նշանակուած ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լազարոն:
Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ:


