Լոնտոնեան Չելսիի նախկին սեփականատէր, անգլիացի 90 տարեկան գործարար Քեն Պէյթց, նախորդ շաբաթավերջին խստօրէն քննադատեց Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը` Չելսիի նկատմամբ կիրարկուած պատժամիջոցներուն համար:
Ակումբը զրկուեցաւ առեւտրական գործունէութեամբ զբաղելու, ինչպէս նաեւ իր դաշտին վրայ իր կատարելիք մրցումներուն տոմսերը ծախելու իրաւունքէն:
Նշուեցաւ, որ պատճառը այն է, որ ակումբին ռուս սեփականատէրը` Ռոման Ապրամովիչ, ենթադրեալ կապեր ունի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
«Պատժամիջոցները պարզապէս վնաս կը հասցնեն անգլիացիներուն:
«Համակիրները տոմս չեն կրնար գնել, մինչ աշխատակիցները չեն գիտեր, թէ իրենց ի՛նչ կը սպասէ:
«Չեմ կրնար հասկնալ, որ այդ մարդիկը ի՞նչ կապ ունին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ:
«Այդ պատժամիջոցները ոչ մէկ նշանակութիւն չունին Ռուսիոյ համար:
«Անոնք բոլորը պարզապէս ծաղրանքի առարկայ կը դարձնեն մեր կառավարութիւնը», Պէյթցի խօսքերը մէջբերեց «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Պէյթց Չելսին գնեց 1982-ին, խորհրդանշական` 1,1 սթերլինկ գումարով մը, նկատի ունենալով, որ ակումբը եղած էր Գ. դասակարգ փոխադրուելու եւ սնանկութեան եզրին:
Իսկ 2003-ին ան Չելսին ծախած էր Ապրամովիչին` 140 միլիոն սթերլինկի:


