Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի Ներկայացուցիչները Նախազգուշացուցած Են Ռուսիոյ Աջակցելու Հետեւանքներէն

March 16, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութիւնը Հռոմի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին Չինաստանի պաշտօնատարները զգուշացուցած է, թէ Մոսկուային աջակցելու պարագային Պէյճինկի համար հետեւանքները ինչպիսի՛ն պիտի ըլլան:

Ան նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Արեւելեան Ասիոյ եւ խաղաղաովկիանոսեան շրջանի հարցերով օգնական Տանիէլ Քրիթենպրիք Հռոմի մէջ հանդիպում ունեցած են Չինաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի դիւանի ղեկավար, Քաղաքական գրասենեակի անդամ Եան Ցզեչիի հետ:

«Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդականը եւ մեր պատուիրակութիւնը ուղղակիօրէն եւ աներկբայ յայտարարած են` ներխուժումէն առաջ Չինաստանի կողմէ Ռուսիոյ աջակցելու եւ այն հետեւանքներուն մասին, զորս կրնայ որեւէ նման աջակցութիւն ունենալ` Չինաստանի յարաբերութիւններուն վրայ, ո՛չ միայն մեզի հետ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի այլ երկիրներու, ներառեալ մեր դաշնակիցներու եւ Հնդկաց-խաղաղովկիանոսեան շրջանին մէջ», ըսաւ Փրայս:

«Մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք, թէ արդեօք Չինաստանը կամ որեւէ այլ երկիր որեւէ ձեւով Ռուսիոյ նիւթական, տնտեսական, ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՞: Աշխարհի վրայ որեւէ նման աջակցութիւն մեր մօտ մեծ մտահոգութիւն պիտի յառաջացնէ», ըսած է ան:

«Մենք Փեքինին յստակօրէն հասկցուցած ենք, որ անմասն պիտի չմնանք: Մենք որեւէ երկրի պիտի չարտօնենք Ռուսիոյ կորուստները փոխհատուցել», յայտնած է Փրայս:

 

 

 

Նախորդը

«Ուքրանիոյ Կացութիւնը Խթան Դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Մէջ Քարիւղէն Եւ Կազէն Հրաժարելու Համար» Կ՛ըսէ Պայտըն

Յաջորդը

Զելենսքի. «Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի Անդամ Պիտի Չդառնայ, Մենք Ատիկա Պէտք Է Խոստովանինք»

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.