Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու շաբաթ օր Անթալիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու Միրզոյեանի հետ 30 վայրկեան տեւած հանդիպումը որակած է կառուցողական եւ չափազանց արդիւնաւէտ:
Թրքական պետական լրատու գործակալութեան համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, որ Երեւան ջանքեր պիտի գործադրէ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար: «Երեւանը վճռական է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերու հարցին մէջ», ըսած է Միրզոյեան:
Չաւուշօղլու իր կարգին աւելցուցած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կատարուող քայլերէն գոհ է նաեւ Ազրպէյճանը:
«Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ Միրզոյեան Չաւուշօղլուի հետ հանդիպումէն անմիջապէս ետք յայտարարած է, որ ինք եւ Չաւուշօղլու վերահաստատած են երկու կողմերու առանց որեւէ նախապայմանի յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով բնականոնացման հոլովոյթը շարունակելու պատրաստակամութիւնը:
«Մեր երկու ներկայացուցիչները կ՛աշխատին այդ ուղղութեամբ, յոյսով եմ, որ մօտիկ ապագային դրական արդիւնքներ պիտի տեսնենք: Ուրախ եմ տեսնելով, որ շրջանի բոլոր ժողովուրդներն ու պետութիւնները կը փորձեն մեր շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կառուցել: Եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ Հայաստանի կողմէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն ունենալու այդ պատրաստակամութիւնը կայ», ըսած է Միրզոյեան:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան հանդիպումէն ետք յայտարարած է. «Ես կը կարծեմ, որ հրաւէրը բաւական դրական ուղերձ էր, եւ անհրաժեշտ նկատած եմ նոյն դրական կերպով արձագանգել այդ ուղեձին»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է մօտիկ ապագային Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններուն մէջ դրական արդիւնքներ տեսնել:
«Ազատութեան» աղբիւրին համաձայն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպած է նաեւ հայ-թրքական բանակցութիւններուն մէջ Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըճի հետ, որ եւս մասնակցած է նախարարներու հանդիպումին:
Միրզոյեանի հետ հանդիպումին ներկայ եղած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան:


