Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ նախանցեալ յետմիջօրէէն սկսեալ Լիբանան ենթակայ կը մնայ «Կրեթթա» ցուրտի ալիքին, որուն ուժգնութիւնը կրնայ տակաւին շաբաթ մը եւս տեւել:
Լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը նուազեցաւ եւ տեղատարափ անձրեւ ու կարկուտ տեղաց:
Ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ ձիւնեց, փակուեցան ճամբաները, ինչպէս նաեւ վնաս հասցուեցաւ ցանքերուն:
Հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Տըննիէի մէջ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատաւորական անձնակազմերը աշխատեցան մաքրել ձիւնը` վերաբանալու համար ճամբաները:
Անոնք կոչ ուղղեցին քաղաքացիներուն խուսափելու լեռնային ճամբաներէն` նկատի ունենալով ճամբուն վրայ գոյացած սառոյցն ու սահանքի վտանգները:
Ցուրտի ալիքը ամէնէն խիստ կերպով հարուածեց Հասպայայի շրջանը:
Փոթորիկը պատճառ դարձաւ նաեւ, որ Սայտայի ծովեզերեայ շրջանին փողոցները ցեխի վերածուին` նկատի ունենալով, որ փոթորիկին ուժգնութենէն ծովեզերքի աւազները հասան մինչեւ Սայտայի մայրուղի:
Ձիւնամրրիկը պիտի տեւէ մինչեւ ուրբաթ, 18 մարտ 2022:
Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն պահանջեցին, որ ձիւնամրրիկին ընթացքին հետեւին իրենց ցուցմունքներուն եւ խուսափին լեռնային ճամբաներ ուղղուելէ, յատկապէս Տահըր Պայտարի, Թարշիշի, Լաքլուքի, Ֆարայայի եւ Արզի շրջանները:


