ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Դշխոյ Բակլայեան-Պասթաճեան
Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Թինա Պասթաճեան եւ զաւակները` Ալիք եւ Արեգ (Սենեկալ)
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Սարին Սարգիսեան եւ դուստրը` Լիանա (Շուէտ)
Հանգուցեալ Յակոբ Պասթաճեանի ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Հանգուցեալ Գրիգոր Պասթաճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Սահակ Պասթաճեանի ընտանիք
Հանգուցեալ Շաքէ Ստեփանեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Ծովիկ Բակլայեան եւ զաւակունք
Տիար Պարէտ Բակլայեան եւ զաւակունք
Հանգուցեալ Երան Հաճինազարեանի ընտանիք
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Լիլի Տաղեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ Բիւզանդ Սարգիսեանի ընտանիք
Պասթաճեան եւ Բակլայեան ընտանիքներ
Տաղլեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Ստեփանեան եւ Հաճինազարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ԿԱՐՊԻՍ ՊԱՍԹԱՃԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1941-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 9 մարտ 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 11 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի ընտանեկան դամբարանին մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին հեռաձայնով, Դշխոյ` 03-556420:
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԱՐՇԱԼՈՅՍ ԳՈՆՏԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԻՀՐԱՆ ՄԱՐԿԱՐՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ԱԲՐԱՀԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ
ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ եւ ՓԱՆՈՅԵԱՆ ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, ԼՕԽ-ի ընտանիքին, «Ազդակ»-ի ընտանիքին, նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանին, Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին եւ բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, հեռաձայնով, ե-նամակով եւ ընկերային ցանցերու միջոցով մասնակից եղան իրենց հարազատին` ՅԱԿՈԲ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆի մահուան սուգին:
—————————————
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
Տոքթ. Կարօ Մահսերեճեանի մահուան Բ. տարելիցին առիթով`
– Տիկին Սիլվա Մահսերեճեան եւ դուստրը` Դալար
– Տէր եւ տիկին Սեւակ եւ Թալին Մահսերեճեաններ
– Տէր եւ տիկին Գուրգէն եւ Շողակ Թովմասեաններ
– Տիկին Սանդուխտ Մարկոսեան
Կը ստանձնեն օրուան մը ճաշի ծախսը` 400 ամ. տոլարով:
13 մարտ 2022

