Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Մանարայի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ռիատի Պէյրութին, անկէ կրեց 88-61 արդիւնքով պարտութիւն մը (20-10, 19-16, 30-13 եւ 19-22):
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիի խմբապետ Ամիր Սէուտ (27 կէտ):
Իսկ ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Քարլ Զալլում (18):
Նշենք, որ նախանցեալ օր տեղի ունեցած Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով` 74-33 արդիւնքով (25-5, 16-4, 19-3 եւ 14-21):
Նախքան մրցումին մեկնարկը տրուիլը, երկու խումբերը յարգեցին յիշատակը երկուշաբթի, 7 մարտին մահացած, ՀՄԸՄ-ական Ժիրայր Նալպանտեանի, որ երկար տարիներ միշտ ալ ՀՄԸՄ-ի կատարած պասքեթպոլի մրցումներուն ներկայ կը գտնուէր:


