Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
39 տարեկան Նիլ Հարպիսըն կը տառապի հազուագիւտ հիւանդութենէ մը, որ իրեն արգելք կը դառնայ գոյները նշմարել: Ան ամէն ինչ սեւ եւ ճերմակ կը տեսնէ: Սակայն ինչո՞ւ ան իր գլխուն վրայ անդադար ալեհաւաք (անթէն) մը կրէ: Արդօեք իսկապէս կարելի՞ է անոր միջոցով գոյները «լսել»:
Նիլ ծնած է Իրլանտայի մէջ` իր աչքը վնասող հազուագիւտ հիւանդութեամբ մը: Ան մեծցած է Սպանիոյ մէջ, ուր երաժշտութիւն ուսանած է: Ապա, 16 տարեկանին, ան որոշած է միայն արուեստով զբաղիլ` լուսաբանելու համար գաղտնիքը այդ գոյներուն, զորս ինք չի կրնար տեսնել:
Անոր հանդիպումը Ատամ Մոնթանտոնի հետ մեծ յեղաշրջում կը յառաջացնէ իր կեանքին մէջ: Ատամ կրցած է ստեղծել համակարգիչի ծրագիր (փրոկրամ), մը որ գոյները ձայներու կը վերածէ:
Ձայն Եւ Լոյսը Իրարու Կապուած Ե՞ն…
Լոյսը, ձայնին նման, ալիք մըն է նաեւ, այսինքն թրթռացում մը, որ կը տարածուի: Միակ տարբերութիւն երկուքին միջեւ այն է, թէ ձայնը պէտք ունի նիւթի մը` անոր ընդմէջէն սփռուելու համար, մինչ լոյսը կը տարածուի պարապութեան մէջ:
Իւրաքանչիւր գոյն ունի յատուկ թրթռացումի մը յաճախականութիւն (ֆրիքուինսի): Եթէ մենք իրարու համեմատենք լոյսն ու ձայնը, կրնանք ըսել, թէ կարմիրը աւելի «թաւ» է (ցած յաճախականութիւն), իսկ կապոյտը աւելի «սուր» (բարձր յաճախականութիւն):
Այս երեւոյթին վրայ հիմնուելով, Մոնթանտոն կրցած է զարգացնել իր ծրագիրը (փրոկրամը): Հետեւաբար, Նիլ կարելիութիւնը ունի այս հնարքին միջոցով գոյները լսել: Ան գլխուն վրայ կ՛անցնէ Այպորտ կոչուած յատուկ քասք մը, որ կրնայ արձանագրել գոյներուն յաճախականութիւնները եւ զանոնք փոխակերպելով թրթռացումներու վերածել: Ապա ոսկրային անցքերու միջոցով այս թրթռացումները կը հասնին մինչեւ անոր ներքին ականջը:
Ի՞նչ Է Ոսկրային Անցքը
Այս թեքնիքը գտած է նշանաւոր յօրինող Լուտվիկ Վան Պէթհովըն, որ կ՛ուզէր շարունակել նուագել, հակառակ, անոր որ իր լսողութիւնը սկսած էր տկարանալ: Ան հասկցած էր, թէ կրնար տակաւին լսել փայտէ գաւազանիկ մը դնելով դաշնակին վրայ, իսկ անոր միւս ծայրը նուագելու ընթացքին իր ակռաներով սեղմելով`, թրթռացումները զգալու համար:
Ուղեղը Կրցած Է Գոյները Սորվիլ
Նիլ Հարպիսըն կը բացատրէ, թէ սկիզբը ուղեղին մէջ խառնակ վիճակ մը կը տիրէր: Երբ ան թրթռացում մը կը ստանար, չէր գիտեր, թէ ան ո՛ր գոյնին կը համապատասխանէր, որովհետեւ ան այդ գոյնը չէր նշմարեր: Սակայն, ժամանակ մը ետք, անոր ուղեղը սկսած էր վարժուիլ եւ ինք կրցած էր պատշաճիլ այդ գոյն-ձայն կապակցութեան:
Այս ձեւով է, որ ան կ՛անդրադառնայ, թէ ինք գոյներով կ՛երազէ, եւ այդ գոյները հնարուած են իր ուղեղին կողմէ, եւ ո՛չ կրած ալեհաւաքին միջոցով:
Նիլ մնայուն կերպով գլխուն կը կրէ իր «քասքը»: Ան իր գլխուն ետեւը կմախքին մէջ դնել տուած է ելեկտրոնային չիփ մը, որ կապուած է գլխուն վրայ կոր ձեւով ալեհաւաքի մը: Այդ ալեհաւաքին ծայրը, իր աչքերուն մակարդակին մօտ, զետեղուած է տեսողական թել մը: Իրեն համար այս դրութիւնը իր մարմնին մաս կազմող գործարան մը դարձած է: Անգլիական պետութիւնը անոր արտօնութիւնը տուած է այդ գործիքը կրելու իր պաշտօնական նկարներուն վրայ: Հետեւաբար, այս ձեւով Նիլ պաշտօնապէս դարձած է առաջին ճանչցուած սայպորկը, այսինքն մարդ արարած մը, որուն մարմնին կցուած են մեքենական կամ ելեկտրոնային կտորներ:
Իր այս «Երրորդ աչքով», Նիլ ուրիշ մարդ արարածէ մը աւելի ընդարձակ տեսողութեան կարելիութիւններ ունի. ան կրնայ տեսնել անդրմանիշակագոյն ալթրավայլըթ – ՍV) ճառագայթները (անտեսանելի են պարզ աչքին համար), որոնք կը թարգմանուին սուր ձայներով, եւ այս կարմիր (ինֆրարէտ) ճառագայթները, որոնք շատ թաւ են:
Այժմ Նիլ կը պատրաստուի ուրիշ արկածախնդրութիւն մը փորձելու. ան կը փորձէ մէկ տարուան ընթացքին ապրիլ յատուկ մետաղեայ վզնոցի ձեւի փակ գործիքով մը` ֆիզիքականպէս արձանագրելու անցնող ժամանակը: Ան կը բացատրէ, թէ այդ վզնոցին վրայ գոյութիւն ունի տաքութեան կէտ մը, որ 24 ժամէն կը դառնայ իր վիզին շուրջ, եւ իրեն կարելիութիւնը կու տայ զգալու մոլորակին թաւալման շարժումը: Այս փորձառութեան նպատակն է ուղեղին վարժեցնել կամաց-կամաց պատշաճիլ անցնող ժամանակի ֆիզիքական զգացումին:
Թիւեր
Մեր Մարմնին Մասին
- Ամէն օր մեր աչքերը կը թարթենք 17.000 անգամ:
- Մեր բերանը ամէն ամիս 4-8,5 գաւաթ (1-2 լիթր) լորձունք կ՛արտադրէ:
- Մեր մարնին ոսկորներուն 26 առ հարիւրը կը գտնուի մեր ձեռքերուն եւ դաստակներուն մէջ:
- Մեր կեանքին ընթացքին մեր սիրտը պիտի տրոփէ 2,5 միլիառ անգամ:
- Մեր եղունգները 6 ամսուան կը կարօտին հիմքէն մինչեւ ծայրը երկարելու համար:
- Մեր մեծ եւ փոքր աղիքներուն երկայնքը կը հասնի 8 մեթրի:
- Ամէն տարի մենք կը կորսնցնենք 4 քիլօ մորթի բջիջներ:
- Մեր արիւնը կը շրջի ժամական 5-6 քիլոմեթր արագութեամբ:
- Քալելու համար մենք կը գործածենք 200 մկաններ:
- Ամէն օր մեր սիրտէն կ՛անցնի մօտաւորապէս 5678 լիթր արիւն, որ բաւարար է լեցնելու 40 լոգարան:
Բոյսերն Ալ Կրնան Նուագել
Ասիկա կրնայ անհաւատալի թուիլ, սակայն ճիշդ է, որ բոյսերը կրնան եղանակներ «յօրինել»: Մասնագէտներ շինած են յատուկ գործիք մը, որ կրնայ բոյսի մը մակերեսին վրայէն անցնող ելեկտրական հոսանքները սինթիթայզըրի ձայներու փոխակերպել: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, թէ այդ ձայները իսկական յօրինուած եղանակի մը կը նմանին…
Գործիքը օժտուած է յատուկ թելերով, որոնք կը դրուին տերեւներուն վրայ եւ այդ ելեկտրական հոսանքները կը վերածեն ձայնի թրթռացումներու: Սակայն այս «երաժշտութիւնը» ի՞նչ կը պատմէ մեզի բոյսերուն գաղտնի կեանքին մասին:
Մասնագէտները տակաւին վստահ չեն. սակայն յոյսով են, որ ժամանակի ընթացքին այս «բնագիտական» տեղեկութիւնները մեզի օգնեն բնութիւնը աւելի լաւ հասկնալու:
Գիտնականները շատոնց գիտէին, թէ բոյսերը իրարու քիմիական եւ լոյսի նշաններ կը ղրկեն: Բոյսերը կրնան նոյնիսկ անհանգսութեան քիմիական նշաններ ղրկել` օգնութեան «կանչելու» համար միջատներ: Ըստ ուրիշ ուսումնասիրութեան մը, բոյսերը հաւանաբար ունին կարողութիւնը ձայներու միջոցաւ իրարու հետ հաղորդակցելու:
Ժամանց







