Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիան Կը Հրաժարի Եւրոպական Խորհուրդէն

March 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան այլեւս չի պատրաստուիր մասնակցիլ Եւրոպական խորհուրդին: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«Ռուսիան պիտի չմասնակցի այն հոլովոյթին, որուն նախաձեռնած են ՕԹԱՆ-ն ու Եւրոպական Միութիւնը, այն է` հնագոյն եւրոպական կազմակերպութիւնը արեւմտեան գերազանցութեան մասին խօսքերու եւ ինքնահիացմունքի հերթական հարթակ դարձնելը: Թող իրարու հետ հաղորդակցութիւնը վայելեն առանց Ռուսիոյ», ընդգծած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն փետրուարին յայտարարած էր, որ Եւրոպական խորհուրդին մէջ ռուսական պատուիրակութեան իրաւունքները դադրեցուած են, սակայն Ռուսիան կը մնայ կազմակերպութեան անդամ եւ հռչակագիրի մասնակից:

Եւրոպական խորհուրդը ստեղծուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք` Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական արժեչափերու պաշտպանութեան համար: Ռուսիան Եւրոպական խորհուրդի անդամ է 1996 թուականէն ի վեր, սակայն 2014-ին ժամանակաւորապէս զրկուած էր անդամակցութենէն:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտնեց, որ Ռուսիան Եւրոպական խորհուրդէն դուրս պիտի գայ ընթացիկ ելեւմտական տարուան վերջաւորութեան:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ` Եւրոպական խորհուրդէն դուրս գալը անոր բոլոր մեքանիզմներէն դուրս գալ կը նշանակէ:

 

Նախորդը

Հերքելով Ուքրանիոյ Մէջ Կենսաբանական Զէնքերու Պատրաստման Համար Տարրալուծարաններ Ունենալը` Միացեալ Նահանգներ. «Ռուսիան Սուտ Պատրուակներ Կը Հնարէ` Փորձելով Ուքրանիոյ Մէջ Իր Ահաւոր Արարքները Արդարացնել»

Յաջորդը

Մոսկուա Եւ Քիեւ Չկարողացան Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնել

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.